Արեւմտահայերէնի Պահպանման Արդիական Ձեւեր․ Հարցազրոյց Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա Նախագիծի Համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանի Հետ


Նկար․ Ուիքիփետիայի  վարժողական դասընթացքի մասնակիցներ՝ Հալէպի մէջ

Հարցազրոյցը վարեց՝ Պէթի Փանոսեան-Տէր Սարգիսեան

 Ազնիւ Ստեփանեան. «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան կարելի կը դարձնէ բոլորին կողմէ արեւմտահայերէնի պահպանումն ու տարածումը»

Արեւմտահայերէնի պահպանումն ու նոր սերունդին կողմէ անոր օգտագործումը դարձած է վերջին տարիներու սփիւռքեան իրականութեան ամենէն հրատապ հարցերէն մէկը։

Անցնող քանի մը տարիներուն Գալուստ Կիւլպէնկեան Կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ Ուիքիփետիա Հայաստան կազմակերպութիւնը կ՛իրականացնէ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծը, որ իր կարեւոր ներդրումը կ՛ունենայ արեւմտահայերէնի նորովի օգտագործման մէջ։

Ստորեւ մեր զրոյցը՝ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանի հետ։

Հարցում. Ի՞նչ է Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան եւ ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ։

Պատասխան. Այս նախաձեռնութեան առանցքը արեւմտահայերէնի պահպանման համար նորարարական միջոցներ ստեղծելն է. աւելին՝ զանոնք տրամադրել բոլոր անոնց, որոնց համար կարեւոր է մեր լեզուին գոյատեւումը։

2014 թուականին, Ուիքիմետիա Հայաստան կազմակերպութիւնը, որ նախորդ տարիներուն կեդրոնացած էր արեւելահայերէն Ուիիքիփետիայի զարգացման վրայ, սկսաւ աշխատանքներ տանելու նաեւ արեւմտահայերէնով հանրագիտարանային յօդուածներ ստեղծելու եւ այդպիսով արեւմտահայերէնին նոր կեանք տալու ուղղութեամբ։

Ուիքիմետիա Հայաստանի այս նպատակին նպաստեց Գալուստ Կիւլպէնկեան կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը, որ ծրագիրին տուաւ մեծ թափ։ Այսպիսով, սկիզբ առին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի դասընթացքներն ու նոր խմբագիրներու պատրաստումը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին։

Արդիւնքը եղաւ այն, որ մեծ թիւով անհատներ, պատանիներ թէ հասուն տարիքի լեզուի մասնագէտներ, մասնակցեցան Ուիքիփետիայի մէջ հանրագիտարանային յօդուածներ խմբագրելու դասընթացքներու։ Այսօր, մենք ունինք շուրջ 150 արեւմտահայերէնով գրող խմբագիրներ, որոնց մէկ մասը ամէն օր աշխուժ մասնակցութիւն ունի այս հարթակին զարգացման մէջ։

Մեր յոյսն է, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան, գիտելիքի ազատ հանրագիտարան ըլլալու կողքին, նաեւ կարեւոր դեր խաղայ լեզուի պահպանման, ինչպէս նաեւ մասնագիտական նոր բառերով ու եզրերով հարստացման մէջ։

Կը հաւատանք, որ այս կարելի է իրականացնել միայն այն պարագային, երբ բոլոր արեւմտահայերէն լաւ իմացողները իրենցը նկատեն այս հարթակը եւ անոր զարգացման մէջ ունենան իրենց անշահախնդիր ներդրումը։

Հարցում. Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախաձեռնութիւնը ինչո՞վ կը նպաստէ արեւմտահայերէնի գոյատեւման։

Պատասխան. Բոլոր ապրող ու շնչող երեւոյթներու նման լեզուն եւս պէտք է ըլլայ պիտանի։ Այսինքն՝ պէտք է ունենայ օգտագործման պահանջ, իր կարիքը ունեցողներ, որպէսզի շարունակէ պահպանել իր գոյատեւման իմաստը։

Համացանցի դարաշրջանին ընձեռած անփոխարինելի հնարաւորութիւններուն միջոցով այսօր կարող ենք մեզ հետաքրքրող ամէն ինչ գտնել ակնթարթային ու մատի ծայրի հպումով։ Դժբախտաբար, արեւմտահայերէնը այս նոր իրականութենէն շատ երկար ժամանակ դուրս մնացած էր՝ դառնալով առաւելաբար լրագրութեան ու գրականութեան լեզու, մինչդեռ համացանցը հիմնականին մէջ նաեւ արագ տեղեկութիւններ ստանալու, գիտելիքը տարածելու տարածք է։

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան հնարաւորութիւն է, որ մեր լեզուն ունենայ նաեւ լրագրութենէ ու գրականութենէ բացի այլ իմաստ՝ տեղեկութիւնն ու գիտելիքը ամենաժամանակակից ձեւով փոխանցելու գործառոյթ։

Ուիքիփետիայի շնորհիւ արեւմտահայերէնով մօտաւորապէս 7400 յօդուած՝ տարբեր նիւթերու մասին տեղեկութիւններով, մեր մատին հպումով կը բացուին մեր դիմաց։

Միւս կողմէ, Սփիւռքի հայկական դպրոցներ  յաճախող, ինչպէս նաեւ աւարտած շատ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար Ուիքիփետիան կրնայ ըլլալ այն (դժբախտաբար երբեմն նաեւ միակ) տարածքը, ուր անոնք կը շարունակեն արեւմտահայերէնը օգտագործել իբրեւ գրաւոր լեզու։

Հարցում. Որո՞նք են յօդուածները գրողները։

Պատասխան. Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բովանդակութիւնը կը ստեղծուի եւ կ՛օգտագործուի բոլորին կողմէ։ Ան ազատ է բոլորին համար եւ, իր կարգին, կը հարստանայ բոլորին կամաւոր ներդրումով։

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագիրները Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն տարբեր մարդիկ են, կամաւորներ, որոնք կը սիրեն իրենց լեզուն ու կ՛աշխատին, որ ան ապրի։

Մեր խմբագիրներուն մէջ կան հայկական դպրոցներու աշակերտներ, ուսուցիչներ, ազատ անհատներ, որոնք առանձին կամ միասին իրենց նախաընտրած նիւթերով կը գրեն ու կը հրատարակեն յօդուածներ։

Այս առիթը օգտագործելով, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր բոլոր խմբագիրներուն, որոնք կ՛աշխատին մեծ նուիրումով։ Իրենց շնորհիւ է, որ այսօր մենք ունինք արեւմտահայերէնով հանրագիտարանային յօդուածներու հետզհետէ ընդլայնուող ցուցակ։

Հարցում. Նկատի ունենալով, որ խմբագիրները կամաւորներ են, երբեմն նաեւ՝ աշակերտներ, իսկ Ուիքիփետիան՝ հանրագիտարան, ի՞նչպէս կ՛ապահովուի հրապարակուող նիւթերուն որակը։

Պատասխան. Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի որեւէ նոր խմբագրուած յօդուած անպայման կը ստուգուի աւելի փորձառու խմբագիրներու կողմէ, որոնք կը կատարեն համապատասխան ուղղումներ։

Ուշադրութիւն կը դարձուի ոչ միայն յօդուածին լեզուական եւ ոճային մաքրութեան, այլ նաեւ՝ հանրագիտարանային ոճին պահպանման, այսինքն՝ առարկայական եւ չէզոք մօտեցումին, տեղեկութիւններու ճշգրտութեան եւ աղբիւրներու վրայ։

Քանի որ Ուիքիփետիան ազատ ու բաց հանրագիտարան է, այնտեղ հրապարակուած նիւթերուն որակին համար պատասխանատու են բոլոր խմբագիրները։ Իսկ մեր խմբագիրներուն մէջ կան արեւմտահայերէնի մասնագէտներ, հայագիտական տարբեր հիմնարկներու շրջանաւարտներ, լրագրողներ, յօդուածագիրներ ու թերթերու աշխատակիցներ, որոնք միշտ ազատ են մտնելու որեւէ յօդուածի տարածք ու խմբագրելու զայն։

 

Հարցում. Եւ վերջապէս, Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծը ապագայ ի՞նչ ընթացք կրնայ ունենալ։

Պատասխան. Նախագիծը բաց է բոլորին համար։ Ուիքիփետիայի խմբագրման գործիքներուն ծանօթ ոեւէ անհատ իր ազատ ժամերուն կրնայ  մտնել տարածք ու սկսիլ խմբագրական աշխատանքի՝ նոր յօդուած ստեղծելու կամ արդէն իսկ խմբագրուած յօդուածը բարելաւելու համար։

Այս տարուան սկիզբը ստեղծուեցաւ արեւմտահայերէնի համար առանձին՝ hyw կարգանիշ՝ տրամադրուած SIL International-ի կողմէ, որ ISO 639-3-ը գրանցող մարմինն է։ Իսկ շատ շուտով Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան պիտի ունենայ համացանցի վրայ իր առանձին հարթակը։

Ապագան կախուած է մեզմէ իւրաքանչիւրէն։ Եթէ մենք զմեզ կը նկատենք արեւմտահայերէնի պաշտպաններ ու պահապաններ, արդէն պէտք է կատարենք մեր պատասխանատու քայլը ու միանանք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագրման աշխատանքներուն։ Նաեւ, եթէ մենք փորձառու խմբագիր ենք կամ ունինք լեզուական կարողութիւններ, աւելի նոր, նուազ փորձառու խմբագիրներուն վերաբերինք միայն կառուցողական մօտեցումով եւ օգնելու պատրաստակամութեամբ։ Ըլլանք աւելի համբերատար ու հանդուրժող, աջակցինք ու ձեռք երկարենք նոր խմբագիրներուն, որպէսզի անոնք ալ յաղթահարեն անսխալ արեւմտահայերէնով գրելու դժուարութիւնները։