Գիծի եւ Գոյնի Վարպետ Խուպեսէրեանի Ցուցահանդէս՝ Համազգայինի Գրադարանին Մէջ


Սարիկ Պապեան եւ տէր եւ տիկ․ Խուպեսերեաններ ցուցահանդէսի բացման ատեն։

Սարիկ Պապեան

Երբ Յունուար ու Փետրուար ամիսներուն “մնաք բարով” ըսինք` յուսալով կրկին ժամադրուիլ, ու ահա հազիւ անոնց ճամբած` Մարտ ամիսը մեզ կը հրապուրէ իր բացօթեայ խոստումներով: Ահաւասիկ, օրերը կ՛երկարին, ջերմութիւնը կը բարձրանայ եւ  բոլորս անհաբեր ենք գարնան հետ գիրկնդխառնուելու: Եւ ահա, եղանակներու ամէնէն շնորհալին կը լրացնէ իր առաջին շաբաթը, նշելով իր ութերորդ օրը, որ Կանանց Միջազգային Օրն է:

Այս տարի, որքան բարի զուգադիպութեամբ, Թորոնթոյի Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը, Մարտ 8ին, կատարեց բացումը տաղանդաւոր եւ հանրածանօթ արուեստագէտ Յակոբ Խուպէսէրեանի արուեստի գործերուն:

Յակոբ Խուպէսէրեանի շնորհալի գործերը, նուրբ մատիտի գիծերը, նսեմ գոյները եւ քանդակի ողորկ եզրերն էին Համազգային Յարութիւն Մանուկեան գրադարանի ՙպատուոյ հիւրերը՚, եւ շատ սպասուած թարմացուցիչ շունչ մըն էին բոլոր ներկաներուն համար: Արուեստը գնահատող ներկաները, կարճ ընթացքի մը համար, բաժակ մը գինի  ձեռքերնին, արբեցած էին գոյներու եւ մատիտի նուրբ գիծերու շնորհիւ եւ վայրկեան մը մոռնալով թէ՛ կեանքի եւ թէ՛ գանատական (անգոյ) Գարնան իրականութիւնը, փոխադրուեցան ուրիշ աշխարհ մը` հետեւելով արուեստագէտի անզուգական մատիտէ պողոտաներուն…

Առաջին անգամը չէ, որ այս հանրածանօթ եւ թորոնթոբնակ արուեստագէտը` Յակոբ Խուպէսէրեան, ճոխացուցած է Համազգայինի գրադարանի պատերը: Իրօք, Հայ Կեդրոնի շէնքի սեմէն ներս ամէն մտնող կը վայելէ Խուպէսէրեանի ստեղծագործ տաղանդն ու ճաշակըª պատերէն կախուած. ՙ1001 Գմբէթներ՚ Անին, զոր արուեստագէտը նուիրած է Հայ Կեդրոնի շինարարութեան առիթով:

Խուպէսէրեան ծնած է Եգիպտոսի Ալեքսանտրիա քաղաքը եւ հաստատուած` Գանատա աւելի քան 50 տարի առաջ: Փոքր տարիքէն ցուցաբերած է իր ստեղծագործական տաղանդ եւ Գանատա գաղթելէն առաջ, մեծ յաջողութեամբ աւարտած է Հռոմի School of Fine Arts-ը: Ցուցադրած է իր գործերը աշխարհի չորս կողմը եւ ստացած բազմաթիւ մրցանակեր, շքանշաններ,« որոնցմէ կ’արժէ յիշատակել՝ Prix de Paris Raymond Duncan in Drawing« Canada Council for the Arts Travel Grant« Rubens Prize« Festival de St-Germain des Pres et d’Art Graphique եւ շատ ուրիշներ։

Խուպէսէրեան տակաւին բեղմնաւոր արուեստագէտ է՝ իր գունագեղ նկարչական գործերով, որոնք կը կրեն այժմու թուականներ եւ անհուն թրթռուն տեսակէտ։

Ցուցահանդէսի բացումը կատարեց Սարիկ Պապեանը, որ քաջալերեց ներկաները ՙընկղմելու արուեստագէտի ստեղծագործական ովկիանոսին մէջ՚: Եւ իսկապէս ալ ներկաները հիացմունքով կորսուեցան Խուպէսէրեանի արուեստի ներաշխարհին մէջ։

Ցուցահանդէսին ընթացքին, ներկաները առիթը ունեցան զրուցելու թէ՛ արուեստագէտին եւ թէ այլ արուեստասէրներու հետ:

Ցուցահանդէսը, որ մաս կը կազմէր Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի ցուցահանդէսի յանձնախումբին տարեկան գործունէութեան, բաց մնաց Մարտ 7էն 11: