Գիրքերու Շնորհանդէս Եւ Կլոր-սեղան Քննարկում՝ Նուիրուած Արեւմտահայերէնին


Լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Եուրի Ավետիսեան, Լեզուի պետական տեսչութեան ղեկավար Սերգօ Երիցեան։

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ Փետրուար 21ին տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան պատուերով 2016-2017 թուականներու հրատարակուած «Գրական արեւմտահայերէնի եւ ՀՀ տարածքում գործառող Կը ճիւղի բարբառների առնչութիւնները», «Գրական արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան պատմութիւն»,  «Արեւմտահայերէնի  եւ արեւելահայերէնի մերձեցման ուղիները»,  «Քրդերէն-հայերէն, հայերեն-քրդերէն գործնական բառարան», «Արեւմտահայերէն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ)» գիրքերու շնորհանդէսը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան

Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց ներկաները Մայրենիի օրուան առթիւ եւ նշեց, որ անիկա մեր ամենապայծառ եւ ամենապարտաւորեցնող տօներէն մէկն է: «Իւրաքանչիւր հայ մարդ, պետական եւ հասարակական գործիչ իր գլխաւոր խնդիրներէն մէկը պիտի համարէ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանումը», նշեց Սփիւռքի նախարարը:

Անդրադառնալով արեւմտահայերէնին նուիրուած գիրքերուն` նախարար Յակոբեան ընդգծեց, որ այս ուսումնասիրութիւնները պէտք է դառնան մայրենիի ուսուցման գործընթացի կարեւոր բաղադրիչները եւ հասանելի ըլլան սփիւռքեան դպրոցներուն: «Առաջին եւ գլխաւոր խնդիրը դպրոցական գրականութեան, միասնական դասագիրքերու ստեղծման հարցն է: ․․․Պէտք է Հայաստանի մէջ բնակող սիրիահայ ուսուցիչներու ներուժը եւս օգտագործենք:  Ե՛ւ աւագ դպրոցի, ե՛ւ համալսարաններու  ե՛ւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու մէջ պիտի օգտագործուի նաեւ արեւմտահայերէնը: Ժամանակն է, որ խօսքէն անցնինք գործի», շեշտեց ան:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ Լեզուի պետական տեսչութեան ղեկավար Սերգօ Երիցեան եւ Հայաստանի գրողների միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան: Անոնք յատկապէս կարեւոր համարեցին արեւմտահայերէնի` հայաստանեան դպրոցներու մէջ փորձնական ծրագիրով դասաւանդումը եւ արեւմտահայ գրականութեան ծանօթացումը:

Հայերէն լեզուի ուսուցիչ եւ գիրքերու հեղինակ Յակոբ Չոլաքեան

Այնուհետեւ գիրքերու հեղինակները ներկայացրեցին իրենց կողմէ մշակուած հետազօտութիւնները:  «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման ուղիները» հետազօտութեան համահեղինակ, «Արեւմտահայերէն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ)» գիրքի հեղինակ Յակոբ Չոլաքեան նշեց. «Տասնամեակներ շարունակ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցիչ եւ դասագիրքերու հեղինակ ըլլալով` հաստատուեցայ Հայաստան եւ հասկցայ, որ գիտական ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու անհրաժեշտութիւն կայ: Արեւմտահայերէնը դժուար ճանապարհ անցած է, 19-20րդ դարու զարթօնքի շրջանի եւ գեղագէտներու սերունդները ուղղակի ծաղկունքի հասցուցին արեւմտահայերէնը: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան եղած «մնացորդաց» սերունդը, որ սփիւռքահայ գրականութեան ու մշակոյթի հունտերը սերմանեց`  դարձաւ հրաշագեղ արեւմտահայերէնի վերածնունդի նոր երաշխաւոր` Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան, Վահէ Վահեան եւ այլք: Այսօր, կը կրկնեն, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած է: Մեզի պէտք է ընդամէնը բորբոքել վերածնունդի ոգին: Առանց լեզուի չկայ յաւիտենականութիւն»:

«Հայկաշխարհ» (http://armlands.com/) արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեան ներկայացուց մէկամեայ կայքի ձեռքբերումները եւ համացանցի միջոցով արեւմտահայերէնի գիտելիքները զարգացնելու հնարաւորութիւնները: Մանկապատանեկան կայքը առաջինն է, որ ունի շաբաթական 10 հազար ընթերցողներ, որոնք աշխարհի 38 երկիրներներէ են: Ան նշեց, որ կայքը տեղեկատուութեան աղբիւր է սփիւռքի ուսուցիչներուն համար եւ մեծ հարթակ սփիւռքահայ պատանիներու համար:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի խնդիրներուն նուիրուած կլոր սեղան-քննարկում: Քննարկման նիւթերն էին արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը, զարգացումն ու տարածումը, գործառութեան ոլորտներու ընդլայնումը, կանոնարկումը, ուսուցումն ու ուսումնասիրումը, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միասնական զարգացումը, փոխհարստացումը:

Լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան տեղեկացուց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ  շուտով լոյս պիտի տեսնէ «Մաշտոց» հայրենագիտական հանդէսը, որու նպատակը եւս արեւմտահայերէնի խնդիրներու արծարծումն է:

ՀԲԸՄ Հայկական virtual համալսարանի ներկայացուցիչ Զեփիւռը Խպլիկեան արեւմտահայերէնի ուսուցման, տարածման եւ պահպանման գործին մէջ կարեւոր համարեց համացանցի հնարաւորութիւններու օգտագործումը: «Լեզուն միայն հաղորդակցման միջոց չէ, ան արժէք է, պատմութիւն է, մշակոյթ է, լեզուն մենք ենք: Պէտք է նոր ձեւով խօսիլ նոր սերունդին հետ», նշեց Խպլիկեան: Ան ներկայացուց 2009 թուականէն գործող Հայկական virtual համալսարանի գործունութիւնը, առցանց ծրագիրները, սեմինարներն ու թանգարանները եւ կարեւոր համարեց արեւմտահայերէն կրթութիւնը` արդի միջոցներու լայն կիրառմամբ:

Խ. Աբովեանի մանկավարժական համալսարանի դասախօս Սուրէն Դանիէլեան առաջարկեց արեւմտահայերէնի մասնագէտներ պատրաստող մագիստրոսական ծրագիր ստեղծել, հայաստանեան արբանեակային հեռարձակմամբ արեւմտահայերէն լուրեր հեռարձակել: Դասաախօս Լալիկ Խաչատրեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն կրողներու համար կրթական, մշակութային կառոյցներու հիմնումը: