Հալէպ՝ Մեր Հէքեաթային Քաղաքը


Գէորգ Պետիկեան

Խօսի՛լ Հալէպի մասին, կը նշանակէ, խօսի՛լ Արեւելքի մասին։ Անմեղութեան շքեղութիւն եւ շքեղ անմեղութիւն։ Միլիոնաւոր մարդոց հին ու նոր յիշատակներու խառն բուրում։ Քաղաք մը, որուն պատերն ու ճամբաներն իսկ դեռ չպատմուած հէքեաթներ ունին։ Հոն, կարծես տպաւորիչ ու անզուգական խորհուրդ մըն ալ կայ, որ կապուած է մեր անցեալին հետ, իբրեւ անուշ շարական, իբրեւ՝ աւանդապաշտ ոգիով գրուած պարզ գիրք։

Նախ ներկայացնեմ, որովհետեւ եւ շատ հաւանաբար ձեզմէ շատերու մտքէն իր անունը, իր տեղն ու դիրքը, իր հանգամանքն ու ինքնութիւնը վրիպած ըլլան։ Թերեւս ձեզմէ շատերուն անձնական կեանքի տաղտուկները եւ մանաւանդ աշխարհի ներկայ խառնաշփոթ իրավիճակը մոռցնել տուած է իր ներկայութիւնը։

Ուստի պարզեմ, սահմանելով մտածումներս։

Հին է մեր քաղաքը։ Աշխարհի պատմութեան չափ հին։ Հոն պարզութիւն կայ, բնական եւ աւանդապաշտ։ Կայ նաեւ անսակարկ սէր, հիւրընկալ, ներողամիտ ոգի եւ վաղուան հաւատացող հայութիւն։ Ինք, իր հայ գաղութով ինքնուրոյն դիրքն ու տեղը ունի Սփիւռքի մեր կեանքին մէջ։ Ոսկիէ կամուրջ մը, հայուն հինին եւ նորին միջեւ։

Պատմուած եւ դեռ պատմուելիք հէքեաթներու քաղաք է ինք։ Մէկ խօսքով՝ հէքեաթային քաղաք, դրախտային ըլլալով հանդերձ։

Գեղեցիկ է մեր քաղաքը։ Հակառակ այս օրերու իր փլատակ տեսարանին, տակաւին պահած է իր գեղեցկութիւնը։ Ինքնատիպ եւ նահապետական։ Հալէպ՝ մեր քաղաքը կամ մեզմէ շատերու ծննդավայրը, մեզի հետ կը խօսի ամէն օր, եւ միշտ։ Մեզի հետ կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ մեր ժամերը։ Հովը, օդը  երգել կու տայ, հարազատ հպարոյրով ու մանաւանդ բնական եւ ճակատագրական յատուկ հանգոյցով։

Աւելին՝ հո՛ն մեռածներն ու ողջերը միասին կ՚ապրին։ Յաւէտ բաժուողները յաւերժօրէն ներկայ են։ Հոն, մենք ընտանիքի ազգ էինք եւ տակաւին ենք։ Մեր համայն հայութեան միակ հայրենիք՝ Հայաստանը, եթէ երկրագունդի վրայ տեղ մըն էր, եւ եթէ թուղթի մը վրայ պարզ քարտէզի շրջանակին մէջն էր, սակայն գոյութիւն ունէր ներսը, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ հաստատապէս։

Հոն գեղեցիկ էին ամրան գիրշերները։ Յիշատակելի եւ երկար։ Երկինքը ցած կ՚իջնէր ու տանիքներուն կը կապուէր։ Բոլորս ալ մտովի կը ճամբորդէինք գիշերուան թեւերուն վրայ, մինչեւ որ մոռնայինք ժամանակը։ Բակը կամ տանիքը կը պառկէինք, արեւելեան սովորութեան համաձայն։ Մեր նայուածքները կը սեւեռէինք աստղերու ճամբուն վրայ, Ու կը զգայինք, որ լոյսը Արեւելքէն կու գար։ Եւ մեզի համար այդ լոյսը, որ անտես ակունքներէն կը ծնէր մեր գաղութի արշալոյսներուն համար, առաջին սիրոյ առաջին նայուածքին գեղեցկութիւնը ունէր։ Քաղցր եւ համով։ Թէեւ մզկիթներէն աղօթքները կը խանգարէին գիշերուայ համատարած լրջութիւնը, սակայն կային մեր եկեղեցիներու զանգակներու անուշ ղօղանջները։ Մեր եկեղեցին ուրիշ էր, մեր քաղաքի հոգիի նման։ Եկեղեցւոյ զանգերը մեր ականջները կը լեցնէին սուրբ բաներով։ Ու այդ սրբազան երաժշտութեան մէջն էր, որ կը զգայինք Աստուծոյ սրբազան ներկայութիւնը։Ու անմեղօրէն կը հաւատայինք, որ մեր այդ դարաւոր քաղաքի, դարաւոր մեր եկեղեցիին մէջ, իջած ու նստած էր Ինք՝ հայոց Աստուածը։

Մեր մեծերը աւելի հարուստ էին զգացումով։ Ու մեր կեանքը հարազատօրէն ու անտրտունջ կը հետեւէր մեծերու հետքերուն։ Մայրենին կ՛իշխէր բոլոր հայ տուներու երդիքին վրայ, որ աւանդութեան հետ կը կառավարէր նաեւ հայ կեանքը Կը սահմանէր հայ մտածումը։ Ու չտեսնուած պարզութիւն կը բուրէր ամէն կողմէ։ Արուեստական ոչ մէկ բան։ Պարզ եւ նոյնքան համեստ։

Հապա աշնան ,բոլոր քաղաքը պահածոներ կը պատրաստէր։ Խորունկ մառաններու մէջ կը պահէր։ Անձրեւներու ջուրերը կը հաւաքէր։ Սենեակներու գետինները գորգերով կը ծածկէր։ Եւ ապա սնտուկներէն բուրդէ հագուստներ կը հանուէին։ Անձրեւին երբեմն ալ կարօտալի ձիւնը կը յաջորդէր։

Հոն, մեր քաղաքին տուներու բակերը բազմամարդ էին։ Մէկ խոհանոց եւ մէկ բաղնիք։ Անոր համար շուկայի բաղնիք կը նախընտրէինք։ Մամաներուն եւ մեծ մամաներուն կ՚ընկերանայինք։ Եւ երբ հազիւ, իբրեւ մանչ զաւակ, չորրորդ կարգի աշակերտ դարձած ըլլայինք, նոյն այդ բաղնիքներու դռնէն, պախարակիչ խօսքերով կը վռնտուէինք։

-Բո~ւ, գացէ՛ք ձեր պապաներ ալ բերէ՛ք…կը պոռային մեր երեսին։

Այս բոլորը տակաւին մտքիս նեղ պատերուն մէջ բանտուած կը պահեմ, իբրեւ մասունք եւ սրբութիւն։ Ինծի կը պատկանին այս բոլոր յուշերը։ Սակայն կը պատականին նաեւ քաղաքիս։ Անոր համար ծնողքիս չափ, իրեն ալ երախտապարտ եմ։

Տակաւին հպարտօրէն նաեւ աւելցնեմ, որ մեր այս հին քաղաքը Սփիւռքի պատմու-թեան փայլուն էջերուն մէջ, գրաւած է իր հաստատ աթոռը։ Սփիւռքի մայր գաղութն ալ է հաստատ եւ իրաւ։ Մենք, հոն եղբայր էինք մեր դրացիին եւ տեղացիին հետ հաւասարապէս։ ։ Օտար բառը չէինք գործածեր։ Չէինք դժգոհեր։ Մենք մեր քաղաքին յարգը գիտէինք։ Իր կարիքը ունէինք ամէն օր, եւ փոխադարձաբար։

Սակայն յանկարծ օր մը, մեր այս սիրելի քաղաքը իր կշռոյթը կորսնցուց։ Իր կեանքի համը փոխուեցաւ։ Կռիւ, յեղափոխութիւն, «արաբական գարուն», մահ եւ աւեր։ Ու շատեր ակամայ լքեցին զինք ու հեռացան, սակայն չմոռնալով իրենց հետ տանիլ վարդագոյն երազները մեր քաղաքին։ Ու վերջը, թէեւ կորսուեցաւ հակական պար-

զութիւնը, սակայն Հայաստանն ու Արարատը մնացին գաղթողներու հոգիներուն մէջ։

Գիտէինք, որ իրմէ հեռու դժուար բան էր հայ մնալը։ Նոյնքան դժուար՝ հայ ըլալլը։

Ու այս օրերուն, նոյն այդ մեր քաղաքը իր զաւակներուն կարիքը ունի։ Անմիջական եւ դրական։ Բոլորս ալ ունինք ցանկութիւնէն աւելի պարտաւորութիւնը զինք կրկին կենսունակ տեսնելու, վերյիշելու, վերանորոգելու եւ վերապրեցնելու։ Մէկ խօսքով վերադարձնելու իր ճերմակ երազները։

՚Մեր քաղաքը այս օրերուն որքան կարօտցած է խաղաղութեան։ Ու տաժանելի է այս մէկուն բացակայութիւնը։ Մահուան շունչը տեւական ներկայութիւն է իր այդ նոյնիսկ փլատակ շէնքերուն եւ տուներու պատերուն տակ։ Հոն տակաւին հայ մարդոց միտքը անհանգիստ է։ Սակայն, իբրեւ մեռնող եւ միշտ ալ այդ մեռելներուն մէջէն յառնող եւ վերածնող ժողովուրդի խորհուրդով սնանող մարդիկ, հոն կատաւին հայ կեանքը կը գոյատեւէ յանուն ազգին եւ ցեղին։

Մռայլ ու ամեհի դար մը ՚ապրի մեր քաղաքը։ Սակայն, պատիւ իրեն, եւ հոն յամառօրէն հայութեան շունչով գոտեպնդուած  հայորդիներուն, տակաւին կը շարունակուի հայօրէն ապրելու երթը։

Ահա մեր քաղաքը՝ համայն Սփիւռքահայութեան հէքեաթային Հալէպը։