Հալէպ Կը Թօթափէ Պատերազմի Փոշին


«Գանձասար»․- Հա­լէ­պի ազա­տագր­ման յա­ջոր­դող օրե­րուն, քա­ղա­քի  ամ­բողջ տա­րած­քին, կեան­քը օրըս­տօ­րէ  իր բնա­կա­նոն հու­նին մէջ սկ­սած է մտ­նելու: Ծա­ռա­յո­ղա­կան ոլոր­տի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը` ճա­շա­րան­ներ, սր­ճա­րան­ներ, պան­դոկ­ներ իրենց դռ­նե­րը բաց կը պա­հեն քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն դի­մաց մին­չեւ ուշ գի­շեր: Ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի է Հա­լէ­պի բեր­դին շր­ջա­կայ­քը գտ­նուող ճա­շա­րան­նե­րու եւ հանգստ­եան վայ­րե­րու, յատ­կա­պէս «Խան Հա­րիր» սր­ճա­րա­նի վե­րա­նո­րո­գու­մը, եւ պե­տա­կան մար­մին­նե­րու յանձ­նա­ռու­թիւնը`  աս­տի­ճա­նա­բար վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու զբօ­սաշր­ջու­թիւնը:

Հա­լէ­պի զբօսշր­ջու­թեան գրա­սեն­եա­կի տնօ­րէն Պա­սէմ Խա­թիպ ՍԱ­ՆԱ-ին յայտ­նած է, թէ գրա­սեն­եա­կը հին Հա­լէ­պի ճա­շա­րան­ներն ու պան­դոկ­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ պատ­մա­կան վայ­րե­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու ամ­բող­ջա­կան ծրա­գիր մը գոր­ծի դրած է ու առ ի քա­ջա­լե­րանք տուր­քե­րէ եւ այլ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ զերծ պի­տի պա­հէ սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րը: Ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք­ներ կը տար­ուին յատ­կա­պէս  վե­րա­նո­րո­գե­լու «Քարլ­թոն», «Ռի­կա Փա­լաս» պան­դոկ­նե­րը, «Բեր­իա», «Արի­քէ» եւ «Տար ալ Ուարտ» հան­րա­ծա­նօթ ճա­շա­րան­նե­րը:

Ալ Խա­թիպ ըսած է,  որ երեք ամիս վերջ Հա­լէպ պի­տի վե­րագտ­նէ իր պատ­մա­կան եր­բեմ­նի դի­մա­գի­ծը եւ պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ ըն­դու­նե­լու զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը: