Համազգայինի Արտասանական Մրցոյթը Ձօնուած` Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին


Մարաթուկ


 Հպարտալի օր էր, որովհետեւ հայրենի հողէն հեռու ծնունդ առած ու ծաղկած պատանիին շուրթերէն բարձր հնչեց հայ բանաստեղծութիւնը. յուսադրիչ օր էր, որովհետեւ այդ բանաստեղծութեան ընդմէջէն, յոյսի ու լոյսի հայրենիքն էր մեզի հետ խօսողը: Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը անգամ մը եւս յաջողած էր համախմբել Թորոնթոյի զանազան դպրոցները յաճախող պատանիներ ու երիտասարդներ, հայ մշակոյթի հնագոյն մարզերէն` ասմունքի շուրջ: Իրենցմէ ակնկալուածը` ասմունքել մէկ բանաստեղծութիւն, նախապէս համադրուած բանաստեղծութիւններու ցանկէն, ուր կը գտնենք հայրենիքի մասին, արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն ընտիր ստեղծագործութիւններ: Ձեռնարկը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին:

Կիրակի` 6 Մայիսի յետմիջօրէին, Հայ Կեդրոնի սրահը լի է ծնողներով, ուսուցիչներով, դասընկերներով, մեծ հայրերով ու մեծ մայրերով. Նաեւ` մշակութասէր ազգայիններով, որոնք հոն են պարզապէս որովհետեւ կը սիրեն հայ մշակոյթը, հայ լեզուն, ասմունքը եւ կը քաջալերեն խոստմնալից պատանին:

Բացման խօսքով հանդէս կու գայ Գրական յանձնախումբէն Արմինէ Թորիկեան. ան կը ներկայացնէ դատական կազմի անդամները` յանձինն Մուշեղ Գարագաշեանի, Վարագ Պապեանի եւ Թամար Տօնապետեանի, ապա կը հրաւիրէ աշակերտները: Իրերայաջորդ կերպով բեմ կը բարձրանան 5-6րդ դասարաններէն, 7-8րդ դասարաններէն ու 9-12րդ դասարաններէն թիւով 60 աշակերտներ: Իւրաքանչիւր մեկնաբանութիւնը միւսէն տարբեր է. համարձակ են իրենց արտայայտութիւններուն մէջ,  ընդհանրապէս շատ լաւ պատրաստուած են: Կը հնչեն Գէորգ Էմինն ու Ժագ Ս. Յակոբեանը, Իսահակեանն ու Խրախունին, Սեւակն ու Համաստեղը, Ծառուկեանը, Նալպանտեանն ու Թումանեանը… աւարտին` ծափերու տարափը կը հնչէ երկար: Յուզիչ է պահը:

Դատական կազմին գործը դժուար է. շնորհալի աշակերտները շատ են:  Որոշ ժամանակ առանձնանալէ յետոյ, կը վերադառնայ սրահ ու  կ’արձակէ վճիռը` բոլորը անխտիր յաղթական: Բոլորը յաղթական, որովհետեւ բոլորը յանդգնութիւնը ունեցան բեմ բարձրանալու, բարձրախօսին ետեւ կանգնելու ու իրենց լաւագոյնը տալու հանդիսատեսին. որովհետեւ, այդ լաւագոյնը հնչեց հայերէնով. որովհետեւ, իրենց շնորհիւ դարձեալ կեանքի կոչուեցաւ հայ բանաստեղծը:

Բոլոր մասնակցողները, խումբ առ խումբ բեմ կը բարձրանան եւ կը պարգեւատրուին Համազգայինի ՙՅ. Մանուկեան՚ գրադարանին կողմէ հայթայթուած հայերէն գիրքերով: Կը հասնի սպասուած պահը. կը յայտարարուին մրցանակակիրներուն անունները.- 5-6րդ դասարաններէն Ա. մրցանակին կ’արժանանան Սարին Գաբրիէլեան եւ Վանա Գազանճեան. Բ. մրցանակին` Իզապէլ Ակոբ եւ Լոռի Պայրագտարեան, Գ. մրցանակին` Գառնի Մարգարեան, Նունէ նազարեան եւ Լորի Սաղտըճեան. 7-8րդ դասարաններէն Ա. մրցանակին կ’արժանանայ Սառա Պայրագտարեան, Բ. մրցանակին` Բալիկ Թաշճեան, Լիզա Յովակիմեան, Գ. մրցանակին` Ալանա Վայս, Էլիզապէթ Գանտահարեան. յիշատակութեան արժանի` Վարագ Մեսրոպեան, Նանսի Սապունճեան եւ Ալիս Պետրոսեան. 9-12րդ դասարաններէն, Ա. Մրցանակին կ’արժանանայ Լոռի Պէրպէրեան, Բ. մրցանակին` Զարեհ Մարգարեան եւ Սարին Թաշճի, Գ. մրցանակին` Արիս Չուլճեան եւ Հրակ Գարամարտեան. յիշատակութեան արժանի` Աննա-Մարիա Մուպայէտ եւ Հայկ Յարութիւնեան:

Գիրքերու կողքին` մրցանակագիրով եւ Համազգայինի յառաջիկայ ձեռնարկներու հրաւիրատոմսերով կը պարգեւատրուին մրցանակակիրները:

Շնորհաւորելի են ծնողք, աշակերտ եւ ուսուցիչ. շնորհաւորելի է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, որ իր 90ամեայ անդուլ գործունէութիւնը կը շարունակէ ծաւալել ամենուր, յաճախ հոսանքն ի վեր պայքարելով, ի սէր մեր ազգին ու մշակոյթին: Հպարտութեամբ կը մեկնինք սրահէն, բարձրանուն Հայաստանի յաղթական ոգիով առլի: