Համազգայինի Գլաձոր Մասնաճիւղը` Փետրուարին


Մանուկներու պատմութեան ժամ

Թ. Տ.


Թո­րոն­թո­յի մէջ Փետ­րո­ւար ա­մի­սը սո­վո­րա­բար բուք ու բո­րա­նէն հե­ռու` տու­նե­րուն մէջ, կրա­կա­րան­նե­րուն առ­ջեւ կծկո­ւե­լու ա­միս է. Կամ` ա­ւե­լի ար­կա­ծախն­դիր­նե­րուն կամ մար­զան­քով հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րուն հա­մար` քա­ղա­քէն դուրս, լեռ­նե­րու վրայ սա­հե­լու ա­միս:

Սա­կայն, տար­բեր էր Փետ­րո­ւա­րը այս տա­րի. մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րով ո­ղո­ղուն ա­միս մը, հա­կա­ռակ սաս­տիկ ցուր­տին, ան­դա­դար տե­ղա­ցող ձիւ­նին, սա­ռու­ցեալ անձ­րե­ւին, ո­րոնք ի­րա­րու հետ ե­կան քա­ղա­քը ճեր­մակ ու սա­հուն տա­փաս­տա­նի մը վե­րա­ծել, մա­նա­ւանդ` ամ­սո­ւան ա­ռա­ջին կի­սուն:

Իսկ այս վի­ճա­կին ստեղ­ծած տրա­մադ­րու­թե­նէն­ դուրս գա­լու հա­մար, ա­ւե­լի յար­մար ի՞նչ ­մի­ջոց կայ ար­դեօք, քան` ծի­ծա­ղը. ու­րեմն հա­կիրճ` Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի մե­նա­խօ­սու­թեան մա­սին:

“ՈՒ­ՐԵՄՆ” մե­նա­խօ­սու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մը ծրագ­րո­ւած էր Հա­մազ­գա­յի­նի ՙԴէմ Դի­մակ՚ թատ­րո­նին կող­մէ, 10 եւ 11 Փետ­րո­ւա­րին, համ­բա­ւա­ւոր ՙԵրգ Հա­յաս­տա­նի՚ ե­րաժշ­տա­խառն թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մէն մօտ ե­րեք շա­բաթ անց։  Փա­կա­գիծ մը բա­նա­լով կ­’ար­ժէ նշել, թէ ՀՀ ժո­ղովր­դա­յին ար­տիստ Ա­շոտ Ղա­զա­րեա­նի, հմա­յիչ դե­րա­սա­նու­հի-երգ­չու­հի Ար­փի Գաբ­րիէ­լեա­նի ու սի­րո­ւած, տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­սան Ռա­ֆա­յէլ Ե­րա­նո­սեա­նի կա­տա­րո­ղու­թեամբ՝ ՙԵրգ Հա­յաս­տա­նի՚ ներ­կա­յա­ցու­մը (բե­մադ­րու­թիւ­նը՝ Ար­շա­լոյս Յա­րու­թիւ­նեա­նի) մե­ծա­պէս խան­դա­վա­ռած էր Թո­րոն­թոն, 26 Յու­նո­ւա­րին։

Փետ­րո­ւա­րը հա­զիւ թե­ւա­կո­խած, ՙՈւ­րեմն՚ի եր­կու ե­լոյթ­նե­րուն տոմ­սե­րը սպա­ռե­ցան․ Ժո­ղո­վուր­դի բուռն փա­փա­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով, եր­րորդ ներ­կա­յա­ցու­մը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ 13 Փետ­րո­ւա­րին։  Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն ծա­նօթ ան­ձը գի­տէ, թէ ինչ կ­’ակն­կա­լէ․ Պէր­պէ­րեան իր նիւ­թե­րը կը վերց­նէ կեան­քէն, ժո­ղո­վուր­դէն, մեր ա­ռօ­րեա­յէն․ չի վա­րա­նիր, չի զտեր, չի մեղ­մաց­ներ․ կու տայ այն­պէս ինչ­պէս որ ինք հա­մադ­րած է՝ ա­զատ, ան­կեղծ, ան­կաշ­կանդ։ Ինչ­պէս հան­դի­սա­վար Վա­րագ Պա­պեան իր բաց­ման խօս­քին մէջ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ․ ՙԱյս  սրա­հին մէջ  հա­ւա­քո­ւող­նե­րուս հա­մար Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նը ան­ծա­նօթ ա­նուն, ան­ծա­նօթ դէմք չէ։ Տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր,« իր սրա­միտ  մե­նա­խօ­սու­թեամբ, կրցած է,« ար­տօ­նած՝ մեր ազ­գը պաշտ­պա­նող վա­հա­նը  մէկ կողմ դնել և շատ պարզ ձե­ւով մեր ոտ­քե­րը տնկել ու խնդալ» ։ Եւ այդ ալ ը­րաւ հան­դի­սա­տե­սը․ ե­րէցն ու ե­րի­տա­սար­դը, Հա­յաս­տան­ցին, Սու­րիա­հա­յը, Պարս­կա­հա­յը, Լի­բա­նա­հա­յը, Գա­նա­տա­հա­յը, Ի­րա­քա­հա­յը․․․ ՙՀա­մազ­գա­յին՚ թա­տե­րաս­րա­հը բեր­նէ բե­րան լեց­նող հա­յը նստե­ցաւ եւ մօտ եր­կու ժամ բարձ­րա­ձայն խն­դաց իր կեան­քին, կեն­ցա­ղին, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, հա­մո­զում­նե­րուն մա­սին ա­ռանց դա­դա­րի, ե­րե­րա­յա­ջորդ պա­տում­նե­րու­ն ա­կան­ջա­լուր։ Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի գիր­քե­րու եւ խտա­սա­լիկ­նե­րու վա­ճառ­քը՝ կազ­մա­կեր­պո­ւած Գրա­տա­րած-գրա­դա­րա­նի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։

 

Փոք­րե­րու Պատ­մու­թեան Ժամ

Կի­րա­կի՝ 11 Փետ­րո­ւար 2018ին, հա­ւա­նա­բար Գլա­ձոր մաս­նա­ճիւ­ղի պատ­մու­թեան է­ջե­րուն անց­նի իբր ա­մե­նէն բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն ծան­րա­բեռ­նո­ւած օ­րե­րէն մին․ ե­րեք տար­բեր ձեռ­նարկ­ներ՝ ՙՈւ­րեմն՚ի երկ­րորդ ե­լոյ­թը, Փոք­րե­րու Պատ­մու­թեան ժամ յայ­տա­գի­րը եւ Պա­րա­րո­ւես­տի ե­լոյթ՝ մէկ օ­րո­ւան մէջ։

Հա­մազ­գա­յի­նի ՙՅա­րու­թիւն Մա­նու­կեան՚ գրա­դա­րա­նին մէջ հա­ւա­քո­ւած էին խումբ մը փոք­րիկ­ներ՝ մաս­նակ­ցե­լու Փոք­րե­րու Պատ­մու­թեան Ժամ ծրա­գի­րին, որ Գրա­կան յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ տե­ղի կ­’ու­նե­նայ 2017էն ի վեր։

Գրա­կան յանձ­նա­խում­բէն Ար­մի­նէ Թո­րի­կեա­նի եւ Ար­տա Տէր Յա­կո­բեա­նի կող­քին՝ իբր պատ­մող մե­զի հետ էր ՀՕ­Մի Ա­մէ­նօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ Հայկ Յա­րու­թիւ­նեա­նը։ Բարձր գնա­հա­տե­լի եւ օ­րի­նա­կե­լի է մա­նա­ւանդ Հայ­կին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։

Փոք­րիկ­նե­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ՙԹուղ­թէ տոպ­րա­կով իշ­խա­նու­հին՚ եւ ՙՄա­նի­շա­կա­գոյն, կա­նաչ եւ դե­ղին՚ ման­կա­կան գիր­քե­րու պա­տու­մին․ ա­պա, բա­րե­կեն­դա­նի թե­մա­յին շուրջ ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք տե­ղի ու­նե­ցաւ, մէկ ժա­մո­ւան յայ­տա­գի­րը բո­լո­րե­լով գոյնզ­գոյն դի­մակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեամբ։

Դպրո­ցի դա­սա­պա­հե­րէն ան­դին՝ ա­հա­ւա­սիկ փոք­րիկ­նե­րը հե­տաքրք­րող, ու­սա­նե­լի,« միա­ժա­մա­նակ ազ­գօ­գուտ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը եւս Գլա­ձոր մաս­նա­ճիւ­ղի ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին։

 

Children’s Spring Festival

Նոյն օ­րը՝ 11 Փետ­րո­ւա­րին, մինչ սա­ռու­ցեալ անձ­րե­ւը կը տե­ղար, Հա­մազ­գա­յի­նի Ար­ցախ Պա­րա­րո­ւես­տի Ու­սում­նա­րա­նի մե­ծե­րու խում­բէն ո­րոշ ան­դամ­ներ կը պատ­րաս­տո­ւէին մեկ­նե­լու դէ­պի Metro Toronto Convention Centre, John Bassett մեծ սրա­հին մէջ պե­տա­կան ճա­նա­չում ստա­ցած 2018 Children’s Spring Festivalի յայ­տա­գի­րին մաս­նակ­ցե­լու։ Դժբախ­տա­բար, խում­բէն ո­մանք չկրցան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել քննու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով։ Ան­նա­խըն­թաց այս ա­ռի­թը շնոր­հո­ւած էր Հա­մազ­գա­յի­նին, դաշ­նակ­ցա­յին ­խորհր­դա­րա­նի ան­դամ Դոկտ․ Կէնկ Թա­նի գրա­սե­նեա­կին եւ Youth Future կազ­մա­կեր­պու­թեան միջ­նոր­դու­թեամբ։

Եր­կու բա­ժին­նե­րու վրայ եր­կա­րող՝ ե­րեք ժա­մո­ւան ծրա­գի­րին ա­ւար­տա­կան պա­րերն էին ՙԵս իմ ա­նոյշ Հա­յաս­տա­նի՚ (Գովք Հա­յաս­տա­նի)  աղ­ջիկ­նե­րու հե­զաճ­կուն պարն ու ՙԱ­ւա­րայր՚ տղոց յաղ­թա­կան պա­րը, պա­րու­սոյց Ա­րե­ւիկ Մար­տի­րո­սեա­նի բե­մադ­րու­թեամբ։

Երբ օ­տար եւ պատ­կա­ռե­լի սրա­հի մէջ նստած, շուրջդ ոչ-հայ հան­դի­սա­տես­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած ըլ­լաս ու յան­կարծ հնչէ քուկդ, հո­գե­հա­րա­զատդ, յու­զու­մէդ բա­ռե­րը դուրս չեն ել­լեր․․․ թէեւ կ­’ու­զես պո­ռալ, որ բո­լո­րը գիտ­նան թէ այդ մէ­կը քուկդ է։

ՙԵս իմ ա­նոյշ Հա­յաս­տա­նի՚ն կ­լա­նած էր ամ­բողջ սրա­հը․ ե­թե­րա­յին կա­պոյ­տին մէջ, մեր չքնաղ աղ­ջիկ­նե­րը (սի­րա­յօ­ժար դի­մա­յար­դա­րու­մը՝ Մա­րիա Գա­րա­կէօ­զեա­նի) այն­քան նուրբ ու սա­հուն ան­ցան բե­մէն, մերթ բա­ցո­ւե­լով, մերթ միա­նա­լով ու միշտ զի­րար ամ­բող­ջաց­նող ներ­դաշ­նակ շար­ժում­նե­րո­վ եւ վեր­ջա­պէս՝ մեծ ու փոքր Մա­սիս­նե­րու ու­րո­ւա­գի­ծով, ա­պա­հո­վե­լով ներ­կա­նե­րուն բուռն ծա­փե­րը։ Ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դեց Ա­րա Գէոր­գեա­նի ՙԱ­ւա­րայ­րը՚․ այս ան­գամ տղա­քը ի­րենց առ­նա­կան, հա­մա­չափ շար­ժում­նե­րով տպա­ւո­րե­ցին հան­դի­սա­տե­սը․ Ա­րամ Սա­պոն­ճեա­նի եւ Մա­րի­նա Գա­լուս­տեա­նի հա­կիրճ մե­նա­կա­տա­րում­նե­րը յա­ւե­լեալ փայլք տո­ւին պա­րին, որ ամ­բող­ջա­ցաւ հան­դի­սա­տե­սին ո­րո­տըն­դոստ ծա­փե­րով։

Բարձր գնա­հա­տո­ւե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը․ ժրա­ջան աշ­խա­տան­քը իր փայ­լուն ար­դիւն­քը տո­ւաւ, յա­ւե­լեալ փոր­ձա­ռու­թիւն եւ ըն­կե­րա­յին հա­ճե­լի պա­հեր պար­գե­ւե­լով մաս­նակ­ցող­նե­րուն։

 

Կեանք Ու Կռիւ 1 Եւ 2

Հա­մազ­գա­յի­նի Նուռ Ֆիլ­մի Փա­ռա­տօ­նի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տին մաս կը կազ­մեն տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, Փա­ռա­տօ­նէն ան­դին՝ յա­տուկ նպա­տա­կի մը հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւած ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րը։

Մհեր Մկրտչեա­նի Կեանք ու Կռիւ 1 եւ 2 շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ՝ 24 Փետ­րո­ւա­րի գի­շե­րը, ՙՀա­մազ­գա­յին՚ թա­տե­րաս­րա­հէն ներս․ հա­սոյ­թը՝ ի նպաստ ՀՕ­Մի Ա­մէ­նօ­րեայ Վար­ժա­րա­նին։ Եր­կու ֆիլ­մե­րուն նիւ­թը Ար­ցա­խեան պա­տե­րազմն է․ երկ­րոր­դը՝ Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թե­նէն 25 տա­րի անց՝ քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին վրայ կեդ­րո­նա­ցած է։ Յու­զիչ պա­հեր, սէր, ըն­կե­րու­թիւն, մարդ­կու­թիւն, ազ­գայ­նու­թիւն, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն, սխրանք, յու­սա­խա­բու­թիւն․․․վեր­ջա­պէս՝  կեանք ու կռիւ։

Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան այս քայ­լը բարձր գնա­հա­տե­լի է, կրթա­կան մար­զին ի նպաստ՝ Հա­մազ­գա­յի­նի ներդ­րու­մը ա­ռա­ւել եւս զար­գաց­նե­լու։ Հա­մազ­գա­յի­նի Նուռ Ֆիլ­մի Փա­ռա­տօ­նի յանձ­նա­խում­բի ընդ­հա­նուր գոր­ծու­նէու­թեան լա­ւա­տե­ղեակ ըլ­լա­լու հա­մար կը հրա­ւի­րենք ձեզ, որ այ­ցե­լէք pomegranatefilmfestival©com կայ­քէ­ջը։  

 

Զա­րեհ Խրա­խու­նի

Վեր­ջա­պէս, Հա­մազ­գա­յի­նի Գրա­սէր­նե­րու Խմբա­կի հա­ւաք­նե­րու շար­քին Զա­րեհ Խրա­խու­նիի մա­սին, 25 Փետ­րո­ւա­րին, Լա­նա Տէր Պետ­րո­սեա­նի ներ­կա­յա­ցու­մը վերջ կը դնէ Փետ­րո­ւա­րի ձեռ­նարկ­նե­րուն, միա­ժա­մա­նակ ա­ռիթ տա­լով, որ Գրա­կան յանձ­նա­խում­բի կող­մէ վեց տա­րի­նե­րէ ի վեր շա­րու­նա­կո­ւող Հա­ւաք­նե­րուն տա­րե­դար­ձը յի­շա­տա­կո­ւի, Խմբա­կի ան­դամ­նե­րէն շա­տե­րու ներ­կա­յու­թեան։ Հա­ւա­քի բաց­ման խօս­քը փո­խան­ցեց Գրա­կան յանձ­նա­խում­բէն Ար­տա Տէր Յա­կո­բեա­նը․ Ըն­թեր­ցու­մով իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ՀՕ­Մի Ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նի 7րդ ­կար­գի ա­շա­կերտ Նան­սի Սա­պուն­ճեա­նը։ Հա­ճե­լի էր նաեւ լսել Խրա­խու­նիի ա­շա­կերտ­նե­րէն Ա­ղաւ­նի Արս­լա­նի տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ման­րա­մաս­նու­թեան հա­մար ըն­թեր­ցել Յա­րու­թիւն Դեր­ձա­կեա­նի գրու­թիւ­նը։

Գրա­սէր­նե­րու Խմբա­կի հա­ւաք­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն չենք յա­ւակ­նիր ամ­բող­ջա­կան վեր­լու­ծում­ներ կա­տա­րել այս կամ այն գրո­ղին մա­սին, կամ մաս­նա­գի­տա­կան դի­տան­կիւ­նէ ար­ժե­ւո­րել, գրաքն­նա­դա­տել կամ գնա­հա­տել այս կամ այն գրողն ու իր գոր­ծը, այլ՝ միայն ա­ռիթ ըն­ծա­յել պա­տա­նիին, ե­րի­տա­սար­դին, սեղմ եւ ա­պա­հով մի­ջա­վայ­րի մէջ, հա­յե­րէն լե­զո­ւով հայ գրա­կա­նու­թե­նէն դէմք մը ներ­կա­յաց­նե­լու, գործ մը ըն­թեր­ցե­լու, ար­տա­սա­նե­լու։ Վա­հան Տէ­րեա­նէն մինչ Պա­րո­նեան, Է­մին ու Դու­րեան, Սե­ւակ ու Վա­րու­ժան եւ դեռ շատ ա­ւե­լին․․․ քա­ռա­սու­նէ ա­ւե­լի հա­ւաք­նե­րու ընդ­մէ­ջէն զրոյ­ցի նիւթ դար­ձած են Հա­մազ­գա­յի­նի ՙՅ․ Մա­նու­կեան՚ գրա­դա­րա­նէն ներս․ կար­դա­ցո­ւած են, կեան­քի կո­չո­ւած են ու պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին կեն­դա­նի մնալ, շնոր­հիւ մեր գրա­սէր ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու ի­րենց քա­ջա­լեր հան­դի­սա­ցող հա­ւա­տա­ւոր Հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րու, նո­ւի­րեալ դաս­տիա­րակ­նե­րու, ազ­գա­յին­նե­րու։