Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք Ընտրուեցաւ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան


Պոլսոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան՝ շրջապատուած աշխարհիկ եւ կրօնական պատուիրակներով։

Դեկտեմբեր 11-ին ազգային ներկայացուցչական ժողովը Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք ընտրեց Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը:

Միւս թեկնածուն՝ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեան շնորհաւորեց նորընտիր պատրիարքը: Պատրիարքարանին մէջ ընտրութեան մասնակցած են համայնքի կողմէ ընտրուած աշխարհիկ 102 պատուիրակները եւ ընդհանուր կրօնական ժողովին կողմէ ընտրուած 17 հոգեւոր պատուիրակները: Դեկտեմբեր 8-ին ընտրուած 102 պատուիրակներէն 89-ը Մաշալեանի կողմնակիցներն էին, 12-ը` Աթեշեանի:

«Պոլսի Հայոց պատրիարքարանը նոր կազմով, նոր ծրագիրներով ու նախաձեռնութիւններով նոր համայնք պիտի կերտէ», յայտարարեց նորընտիր պատրիարքը Պոլսոյ Սբ Աստուածածին Մայր տաճարի մէջ՝ դիմելով համայնքի ներկայացուցիչներուն, հոգեւորականներուն: «Նորութեան կարիք կայ` հոգեպէս ու մտքով: Մեր հաստատութիւնները նորոգուելու կարիք ունին, իմ ընտրութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ: Առաջնորդութեան օրինակ ունինք մեր առջեւ` Յիսուս Քրիստոսը, որ իր աշակերտներու ոտքերը լուաց, ցոյց տուաւ` ինչպէս ըլլալ բարի հովիւ: Այսօր պատրիարք չընտրեցիք, Աստուծոյ եւ ազգի առաջին ծառայ ընտրեցիք», ըսաւ եպիսկոպոս Մաշալեան:

Անոր խօսքով` պատրիարքական երդման, գահակալութեան մեծ արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ եւ այդ ժամանակ ինք պաշտօնական հայրապետական խօսք պիտի ուղղէ: «Իսկ այժմ պիտի խնդրեմ` աղօթեցէք ինծի համար: Երբ կը տեսնէք, որ ձեր պատրիարքը կը տկարանայ, աւելի շատ աղօթեղէք: Այն, որ խաղաղութեամբ մենք պատրիարք ընտրեցինք, բազմահազար մարդոց աղօթքներու շնորհիւ եղաւ», նշեց ան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցութիւն ունեցածներուն, ինչպէս նաեւ պատրիարքի միւս թեկնածուին` Պոլսի Հայոց պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին եւ անոր կողմնակիցներուն:

Նշենք, որ Պատրիարքի աթոռը թափուր մնացած էր Մեսրոպ արք․ Մութաֆեանի մահէն ետք (2019-ի Մարտ 8, 62 տարեկան): Ան 2008 թուականէն անգիտակից վիճակի մէջ էր եւ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին մէջ կը գտնուէր բժիշկներու հսկողութեան տակ: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը փաստացի ղեկավար չունէր արդէն մօտ 12 տարի: 2010-էն պատրիարքական փոխանորդն էր Արամ արք․ Աթէշեանը: