Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Գանատահայ Գործարար Վարուժան Լափոյեանը


Դեկտեմբեր 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «VHL Developments» շինարարական ընկերութեան հիմնադիր, Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամի պատուաւոր ներկայացուցիչ Վարուժան Լափոյեանը եւ ֆրանսահայ գործիչ, Երկրապահ կամաւորական միութեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մասնաճիւղերու նախագահ Ռուբիկ Գալստանեանը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ անոնց ծաւալած գործունէութիւնը: «Ուրախ եմ, որ դուք, պարո՛ն Լափոյեան, Սեպտեմբերին մասնակցելով Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրելով  Հայաստանի ներդրումային ծրագիրները եւ շուկան` ցանկութիւն յայտնած էք ներդրում ընել Հայրենիքի մէջ: Ոգեւորիչ է, որ այժմ սերտօրէն կը համագործակցիք Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամի հետ: Վստահ եմ, որ Ձեր բոլոր ծրագիրները Հայաստանի մէջ յաջող պիտի ընթանան», նշեց Սփիւռքի նախարարը:

Վարուժան Լափոյեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, մասնաւորապէս նշեց. «Սփիւռքը պէտք է միշտ ներկայ ըլլայ Հայաստանի կեանքին մէջ, Հայրենիքին մասը կազմէ»:

Հիւրերը նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ զրուցեցին հայրենադարձութեան կազմակերպման գործընթացի մասին, կարեւոր նկատցին հայրենադարձութեան գործընթացի ռազմավարութեան, ծրագրի եւ օրէնքի մշակումն ու լրամշակումը:

Կարեւորելով Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնն ու իրակացուցած ծրագիրները` ֆրանսահայ գործիչ Ռուբիկ Գալստանեան շեշտեց. «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար այս նախարարութիւնը Հայրենիքի մէջ իր տունն է»: