Նիկոլ Փաշինեանը, Սասուն Միքայէլեանը եւ Արարատ Միրզոյեանը Ազատ Արձակուեցան


Նիկոլ Փաշինեան իր երկու գործընկերոջ՝ Սասուն Միքայէլեանի, Արարատ Միրզոյեանի եւ տիկնոջ հետ։

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորներ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներ Նիկոլ Փաշինեան, Սասուն Միքայէլեան ու Արարատ Միրզոյեան դուրս եկան Ձերբակալուածներու պահման վայրէն: Անոնց այստեղ կը սպասէին «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորներ Մանէ Թանդիլեանը, Գէորգ Գորգիսեանը, դաշինքի ներկայացուցիչներ, փաստաբաններ:

Փաշինեան ՁՊՎի մոտ գտնուող բոլոր ոստիկաններուն բարեւեց։

«Մեր շարժման ձերբակալուած բոլոր անդամները պէտք է րոպէ առաջ դուրս գան»,- ըսաւ ան:

Հարցումին, թէ ինչ խօսած են առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ, Փաշինեան պատասխանեց, որ այդ մասին պիտի խօսի երեկոյեան, հանրահաւաքի ժամանակ:

Նշենք, որ քիչ առաջ Փաշինեանի հետ հանդիպած է ՀՀ առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանը: Ան յայտարարած էր, որ դիմած է ՀՀ գլխաւոր դատախազին, որպէսզի վերջինս ետ վերցնէ պատգամաւորներուն անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւնը:

Ազատ արձակոիելէ ետք Փաշինեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է․ «Դու յաղթեցի՛ր Հայաստանի Հանրապետության Հպարտ քաղաքացի:

Ու այս հաղթանակը քո ձեռքից ոչ ոք չի կարող խլել:

Շնորհավորում եմ՝ հաղթակա՛ն ժողովուրդ՞»: