Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան Կը Շարունակէ Օրհներգը Փոխելու Ճիգերը


Ալեն Սիմոնեան տեւական ժամանակ է՝ քննարկման առարկայ դարձուցած է Հայաստանի օրհներգի փոփոխութեան հարցը: Ան կ՛առաջարկէ վերադառնալ Սովետական Հայաստանի օրհներգի երաժշտութեան, որու հեղինակն է հռչակաւոր երաժիշտ Արամ Խաչատրեանը: Սիմոնեանի այս առաջարկը բուռն քննարկման պատճառ դարձաւ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Քննադատութիւն հնչեց նաեւ իր կուսակցութենէն: Սակայն ան չի նահանջեր։ Ան Փետրուար 20ին ֆէյսպուքի իր էջին միջոցով յայտատատեց Սովետական Հայաստանի օրհներգի մեղեդիին համար բառերու մրցոյթ, նաեւ աշխատանքային խումբ ստեղծելու մասին:

Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը ՀՀ օրհներգը կամ այլ խորհրդանիշ փոխելու վերաբերեալ հարց չունի իր օրակարգին վրայ: Դեռ Փետրուար 4ին յայտարարած էր խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց:

Աշխատանքային խումբի անդամներն են ինքը՝ Ալեն Սիմոնեանը, երաժշտագէտ Դանիէլ Երաժիշտը, Կոմպոզիտորներու միութեան նախագահ Արամ Սաթեանը, Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիքոլայ Կոստանդեանը, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեանը, ԳԱԱ թղթակից անդամ Հենրիկ Յովհաննիսեանը, գրականագէտ Ֆելիքս Բախչինեանը, Մայր Աթոռէն Ասողիկ քահանան եւ Լեզուի պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանը: Խումբին մեծ մասը օրհներգի փոփոխութեան կողմնակիցն է: Գիւրջինեան դէմ է, բայց քննարկման պիտի մասնակցի:

Վերջինս Ալէն Սիմոնեանին կը յորդորէ ձեռնպահ մնալ Հայաստանի օրհներգը փոխելու հարցը քննարկելէն:

Գիւրջինեանի խօսքով` Առաջին հանրապետութեան, յետագային անկախ Հայաստանի պետական խորհրդանիշներ զինանշանը, դրօշն ու օրհներգը սիրելի են նաեւ նոր սերունդին։ Ան կը նախազգուշացնէ, որ պետական խորհրդանիշներու նկատմամբ այս վերաբերմունքը կրնայ վտանգաւոր նախադէպ ստեղծել․ յաջորդ իշխանութիւնն ալ կրնայ գալ եւ իր ճաշակը պարտադրել․  «Պետական խորհրդանիշներուն յատկանիշներէն մէկը այն է, որ անոնք կայուն են, անոնք հեշտ փոփոխելի չեն»:

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան` անդրադառնալով Սիմոնեանի նախձեռնութեան՝ ըսած է, որ անլուրջ կը վերաբերի ե՛ւ նախաձեռնութեան, ե՛ւ նախաձեռնողին. «Վերջապէս սա պետութիւն է, տուեալ անձը  պետական հիմնարկ կը ներկայացնէ: Սա ի՞նչ մօտեցում է, յիշեալ գործիչը ունի՞ այդ իրաւասութիւնը եւ լիազօրութիւնը` օրհներգի բառերու մրցոյթ յայտարարելու, մրցոյթի յանձնաժողով ձեւաւորելու, ո՞վ անոր տուած է այդ լիազօրութիւնը, ո՞ր օրէնքով բարձրաստիճան պաշտօնեան մասնաւոր յանձնաժողով կը ստեղծէ», ըսած է ան:

Սփիւռքի մէջ նոյնպէս բուռն քննադատութեան արժանացաւ օրհներգը փոխելու Սիմոնեանի նախաձեռնութիւնը։ Սփիւռքի մամուլը ողողուեցաւ Օրհներգի նշանակութեան եւ պատմական արժէքին անդրադարձող յօդուածներով։

Փետրուար 22ին տեղի ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ քննարկուող երկրի քայլերգի փոփոխութեան հարցին: Ան ըսաւ. «Քայլերգի այս հարցը մեզ կ’անհանգստացնէ այն իմաստով, որ ասոնք մեզի համար փակուած էջ են. Դաշնակցութեան համար դրօշը, քայլերգը, զինանշանը սրբութիւններ են, որոնք փոփոխութեան ենթակայ չեն: Գեղարուեստական ճաշակով չի ճշդուիր քայլերգը»: