Աթաթուրքին Հայ Հոգեզաւակը եւ Անոր Անուան Օդակայանը


«Էրմէնիհապեր»․- Թրքական «Ռատիքալ» (Radikal) պարբերականի սիւնակագիր Այշէ Հիւրը անդրադարձած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի հոգեզաւակներէն մէկուն` Սապիհայ Կէոքչենի ինքնութեան` նշելով, որ որոշ վարկածներու համաձայն ան հայկական ծագում ունի` Հաթուն Սեպիլճեան անունով:

Յօդուածին հեղինակը կը նշէ, որ ինքը` Սապիհան, ժամանակին իր տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին պատմած է, որ Աթաթուրքը զինք որդեգրած է 12 տարեկանին, 1925-ին, Պուրսա կատարած այցի ժամանակ: Կէոքչեն պատմած է, որ ծնողներ չէ ունեցած եւ այդ ժամանակ կ՛ապրէր մեծ եղբօր հետ: Տեսնելով Աթաթուրքը` վազած է անոր մօտ: Աթաթուրքը զրուցած է աղջնակին հետ եւ այնքան հաւնած է զայն, որ որոշած է որդեգրել ու իրեն հետ տանիլ Անգարա:

Յօդուածին մէջ կը ներկայացուի Սապիհայի կենսագրութեան միւս տարբերակը եւս, որու մասին հանրութեան ժամանակին իրազեկած էր լուսահոգի Հրանդ Տինքը:

«2004ին Հրանդ Տինքի ստորագրութեամբ հրապարակուեցաւ «Սապիհա Կէոքչենի գաղտնիքը» յօդուածը: Այդ յօդուածը մէկն էր այն միւսներէն, որոնք քայլ առ քայլ Հրանդը դէպի մահ կը տանէին»,- կը գրէ Ա․Հիւրը: Տինքի յօդուածին մէջ կը ներկայացուէր պատմութիւն մը, որ Տինքին պատմած էր Սապիհայ Կէոքչենի մօրաքոյրը` Հռիփսիմէ Սեպիլճեանը: Այդ պատմութեան համաձայն` Ներսէս Սիպիլճեանի (Սապիհայի հայրը) ընտանիքը Հալֆեթի Ճիպիլ գիւղին մէջ կը բնակէր: 1915ի Յուլիս 17ին գիւղապետը շրջած է տունէ տուն եւ յանձնած փաստաթուղթ մը, ուր գրուած եղած է, որ անոնք 24 ժամուան ընթացքին պէտք է լքեն իրենց տուները ու ճանապարհուին դէպի Հալէպ:

Սեպիլճեան ընտանիքը ճարահատեալ կը ճանապարհուի: Անոնց առաջին կանգառը կ՛ըլլայ  Այնթափը, ուր շատ այլ հայերու նման անոնք ալ կ՛որոշեն  երեխաները յանձնել միսիոներական որբանոց` անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Եւ այսպէս` 6ամեայ Տիրուհին եւ 2ամեայ  Հաթունը կը յայտնուին որբանոց:

1918ի Հոկտեմբեր 30ին Մուտրոսի զինադադարի ստորագրումէն ետք, իրենց տուները վերադառնալ խիզախած հայերէն էին նաեւ Սեպիլճեան ընտանիքի անդամները: Անոնք հասնելով Այնթափ` կ՛երթան միսիոներական որբանոց, որպէսզի վերցնեն երեխաները: Սակայն այնտեղ կ՛իմանան, որ Աթաթուրքը շրջած է որբանոցներով  ու ըսած, թէ զով ամենաշատը հաւնի, զայն հոգեզաւակութեան պիտի առնէ: Եւ այդպէս որդեգրած է Հաթունը` անոր տալով նոր անուն` Սապիհա, իսկ աւելի ուշ` նոր ազգանուն` Կէոքչեն:  Հաթունը այդ օրուընէ ապրած է Աթաթուրքի մօր Զուպէյտէյի մօտ, որուն մահէն ետք 1923ին տեղափոխուած է Պուրսա, իսկ 1925ին Պուրսա կատարած այցի ժամանակ Աթաթուրքը զայն Անգարա տարած է:  Տինքի յօդուածին մէջ ըսուած է, որ Հաթունի (Սապիհա) մօրեղբօր որդին Աբրահամ Կարապետեանը 1955ին Հաթունը գտնելու համար կու գայ Անգարա եւ կը հանդիպի Սապիհայ Կէոքչենի հետ: Անոնք կը զրուցեն, կը նկարուին:

Նշենք, որ Սապիհան Թուրքիոյ ռազմական համակարգին մէջ բարձր դիրք զբաղեցուցած է եւ մեծ ճանաչումի հասած: Ան Թուրքիոյ առաջին կին օդաչուն է, ճանչցուած է աշխարհի յայտնի 20 օդաչուներէն մէկը, ի դէպ` այս տիտղոսին արժանացած առաջին եւ միակ կինն է: Այժմ անոր անունով օդակայան կայ Թուրքիոյ մէջ: Սակայն ամենակարեւորը, որ յստակ կ՛առանձնացուի անոր կենսագրութեան մէջ, որ 1938ին Տերսիմի ալեւիներու ապստամբութեան ժամանակ Սապիհան կործանիչով ռմբակոծած է ապստամբները, ինչ որ մեծապէս օգնած է թրքական բանակին վերահսկողութեան տակ վերցնելու Տերսիմը եւ ճնշած խռովութիւնը:

Այս առնչութեամբ օրեր առաջ հրապարակուած էր Քազիմ Կիւնտողանի յօդուածը` ուր կը մատնանշուի , թէ պատահական չէ, որ Տերսիմի կոտորածներու ընթացքին իբրեւ գործիք օգտագործուած է հայկական ծագումով օդաչուն. «Հանրապետութեան հիմնադրման գաղափարախօսութիւնը հասկնալու տեսանկիւնէ չափազանց ուշագրաւ է, որ կարմրագլուխներու (ղըզըլպաշ), քիւրտերու, զազաներու, հայերու եւ թուրքմէններու համատեղ բնակավայր համարուող Տերսիմի թրքականացման եւ սուննիականացման համար իբրեւ զէնք, գործիք հայ մը ընտրուած եւ այդ ջարդը իրագործելու համար անոր «աշխարհի առաջին կին ռազմական օդաչու» կոչումը տրուած է», կը գրէ Կիւնտողանը:

Քազիմ Կիւնդողան յօդուածին մէջ կը նշէ, որ Սապիհայ Կէոքչենի անուան օդակայանը պէտք է անուանափոխել Հաթուն Սեպիլճեանի:

«Օսմանեան ժամանակշրջանէն մինչեւ մեր օրերը որպէս իրենց արմատներէն պոկուած ժողովուրդներու երեխաներու, «հոգեզաւակութեան» անուան տակ թրքացուած  «կորած աղջիկներ»ու  խորհրդանիշ Հաթուն Սեպիլճեանի անուամբ օդակայանի կոչումը առերեսուելու եւ ցաւերը բուժելու համար կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ: Բացի այդ Տերսիմի ջարդերը ընդունելու մասին խօսող եւ «խաղաղութեան գործընթաց»ը առաջ տանիլ ցանկացող իշխանութիւններու այս հարցով ունեցած անկեղծութեան չափորոշիչն է:

21րդ դարուն մտքի եւ խղճի անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի նախապատուութիւն տրուի անմեղ եւ տառապեալ Հաթուն Սեպիլճեանին, քան մարդոց անխղճօրէն ռմբահարող ռազմական օդաչու Սապիհայ Կէոքչենին», կ՛ընդգծէ յօդուածին հեղինակը: