Ալիեւ Ստորագրեց Ատրպէյճանի Ռազմական Ամավարկը 1.6 Միլիառ Տոլարի Բարձրացնող Որոշումը


«Ազատութիւն».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճանի պետական ծախսերը ընդհանուր առմամբ պիտի կրճատուին 2017ին, Պաքուի իշխանութիւնները որոշած են որոշ չափով ուրճացնել ռազմական նպատակներու տրամադրուելիք գումարները, որոնք 1.6 միլիառ տոլարի պիտի հասնին յառաջիկայ տարուան ընթացքին։

Ատրպէյճանական «Թուրան» լրա-տուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Դեկտեմբեր 16ին Ատրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած 2017ի պետական ամավարկը՝ Դեկտեմբեր 28ին ստորագրուած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Այսպիսով, երկրի ռազմական կառոյցներուն համար նախատեսուած յատկացումները պիտի կազմեն յառաջիկայ տարուան պետական ամավարկին մօտաւորապէս 16 տոկոսը:

2016ին, Ատրպէյճանի ռազմական ոլորտի ծախսերը կը կազմէին շուրջ 1.43 միլիառ տոլար։

Յատկանշական է, որ ամավարկի քննարկման նախնական հանգրուանին լուրեր տարածուած էին, թէ յառաջիկայ տարուան ռազմական ծախսերը զգալիօրէն պիտի կրճատուէին ու պիտի պահուէին 1 միլիառ տոլարէն նուազ, երկրին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով։ Սակայն, ամավարկի այլ ոլորտներէն կրճատումներ ապահովելով՝ ռազմական ոլորտի ջատագովները կրցան նոյնիսկ ռազմական ծախսերուն համար որոշ աճ ապահովել:

Յայտնենք, որ 2007ին Ատրպէյճանի ռազմական ամավարկը 800 միլիոն տոլար էր, սակայն այդ գումարը գրեթէ կրկնապատկուեցաւ 2008ին, իսկ 2011ին հասաւ 3.1 միլիառ տոլարի:

2004ին, Իլհամ Ալիեւի նախագահութեան առաջին տարին, ամավարկին մէջ երկրի ռազմական ծախսերը 175 միլիոն տոլար կը կազմէին: