«Ակօս»-ի Նախկին Խմբագրատունը Վերածուեցաւ Տինքի Յիշատակի Վայրի


«Ապրիլ 23,5» անունով յիշատակի վայրը՝ նուիրուած Հրանդ Տինքին։

«Ազատութիւն»,- Աւելի քան 4 տարուան աշխատանքներէն ետք Հրանդ Տինքի յայտնի «Ապրիլ 23,5» յօդուածի անունով կոչուած յիշատակի վայրը օրերս իր դռները բացաւ այցելուներուն համար:

Պոլսոյ Օսմանպէյ մեթրոյի կայարանի յարակից Սեպաթ Ափարթմանին մէջ գտնուող «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան մէջ այսօր ալ Տինքի ներկայութիւն կարելի է զգալ։

Նախագիծի հեղինակները վերարտադրած են անոր կեանքի կարեւոր դրուագները, ցոյց տուած անոր դաւանած արժէքներն ու գաղափարները, ներկայացուցած Դինքի պայքարը արդարութեան ու ճշմարտութեան համար:

Յիշատակի վայրի համակարգող Նայաթ Քարաքեօսէի խօսքով` 2015-ին, երբ «Ակօս»-ի խմբագրութիւնն ու Հրանդ Տինքի հիմնադրամը տեղափոխուեցան Անարատ Յղութեան շէնք, մտածեցին տարածքը վերածել իւրատեսակ թանգարանի:

«Երբ տեղափոխուելու հարց յառաջացաւ, հասկցանք, որ չենք կրնար պարզապէս հեռանալ ու ձգել այս վայրը, քանի որ ան խորհրդանշական նշանակութիւն ունի հանրային յիշողութեան ու համընդհանուր խղճի համար: Այդ պատճառով ալ մեր պարտքը համարեցինք այս տեղի պարունակած ճշմարտութեան խօսքը լսելի դարձնել ու այդ յիշողութիւնը ապրեցնել: Այսպէս ծնունդ առաւ յիշողութեան վայր ստեղծելու գաղափարը», կ՛ըսէ համակարգողը:

Քարաքեօսէն կը պատմէ, որ սա Թուրքիոյ մէջ նմանօրինակ առաջին վայրն է, որու ստեղծման համար ուսումնասիրած եւ այցելած են աշխարհի շարք մը երկրներու մէջ գործող շուրջ 80 յիշողութեան վայրեր:

«23,5»-ի այցելուները երեք լեզուով` հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն, հարցազրոյցներու, տեսանիւթերու, ֆիլմերու միջոցով կրնան ծանօթանալ Հրանդ Տինքի կենսագրութեան ու գործունէութեան` անոր իսկ ձայնով:

Այստեղ հաւաքուած է նաեւ անոր հիմնած «Ակօս» շաբաթաթերթի արխիւը` հիմնադրման օրէն` 1996-էն մինչեւ 2007 թուականը:

«Ակօս»-ի երբեմնի խմբագրատան մէջ կարելի է տեսնել նաեւ Տինքի աշխատասենեակը ճիշդ այնպէս, ինչպէս ան ձգած էր 2007-ի Յունուար 19-ին` իր սպանութեան օրը:

Յիշատակի վայրի ամենամեծ սրահի պատին փոքրիկ դարակներու մէջ արդարութիւն, ճշմարտութիւն, յիշողութիւն, յոյս գրութիւններով թղթիկներ կան, որոնց հակառակ կողմը այցելուները կրնան իրենց խօսքը գրել սիրելի Հրանդին: