Աղթամարի Ս․ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Սեպտեմբեր 8-ի առաւօտեան, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագը, որուն հանդիսապետեց Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Վանի կուսակալ Էմին Պիլմեզը, Ատանայի մօտ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսը, Կեւաշի քաղաքապետը, գաւառապետը, մշակոյթի նախկին նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ եւ այլ պաշտօնատարներ։

Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ յիշատակութիւն հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս Աղթամարայ երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի թագաւորը, տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամարի մէջ գահակալած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն ետք, սրբազանը եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւատացեալներուն աղօթակցութեամբ կատարեց հանդիսաւոր Անդաստանը։ Աշխարհի իւրաքանչիւր կողմ դարձը կը դժուարանար, որովհետեւ հաւատացեալներ եւ մամուլի աշխատակիցներ գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին վանքին շրջափակը։

Սրբազան հօր տուած օրհնութեամբ աւարտին հասան հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները։

Ապա խօսք առաւ Վանի կուսակալը եւ իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ անգամ մը եւս իրականացած էր Աղթամարի ուխտագնացութիւնը, շեշտելով նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը։

Խօսք առաւ նաեւ Կիւնայ, որ շեշտեց հայ եւ թուրք ժողովուրդներու համակեցութեան կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ նաեւ, որ հայերէն չգիտնալուն պատճառաւ արարողութեան լեզուն չէր կրնար հասկնալ, բայց եւ այնպէս երաժշտութիւնը շա՜տ հարազատ կը հնչէր իր ականջին։

Ըստ թրքական պետական աղբիւրին Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագին Աղթամար կղզի այցելած է 2480 զբօսաշրջիկ, որոնցմէ 200 հայեր Մուշէն։

Նշենք, որ Սահակ եպս. Մաշալեան Շաբաթ յետմիջօրէին այցելեց Վանի կուսակալին, որ ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս տարի կրկին առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։ Ան նոյն օրը երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարարին հետ։

Տեսանիւթը՝ “Էրմէնիհապեր”-ին