Աղթամարի Ս․ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ 3 Տարուան Ընդմիջումէ Ետք Պատարագ Պիտի Մատուցուի


“Էրմէնիհապեր”,- Երեք տարուան ընդմիջումէ մը ետք՝ կրկին, Սեպտեմբեր 9ին, Վանի Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ խաչ եկեղեցիին մէջ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախապէս տեղեկացուցած էր, որ  պատարագներ չեն մատուցուած անվտանգութեան որոշակի նկատառումներով։

Արդէն բազմաթիւ յայտեր ստացուած են զբօսաշրջական գործակալութիւններու կողմէ, իսկ հիւրանոցներու մէջ մարդիկ սկսած են ամրագրման գործընթացները։

Նախորդ տարիներուն մատուցուած պատարագներուն մասնակցած են բազմաթիւ ուծտաորներ Հայաստանէն, Թուրքիայէն, Հոլանտայէն, Աւստրիայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն։

Վանի առեւտրա-արդիւաբերական պալատի գործադիր խորհուրդի անդամ Մուրատ Պէյազ ըսած է․ «Վանը կրնանք դարձնել Թուրքիոյ կրօնական (ուխտագնացութեան) զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Հայերն ալ ունին նման ակնկալիքներ»։

Ան նկատել տուած է, որ Պոլիսէն, Հայաստանէն եւ աշխարհի շատ երկիրներէ հայեր մեկնած են, որպէսզի մասնակցին պատարագին։ Իսկ Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղ ըսած է․ «Զբօսաշրջիկները հետաքրքրուած են այն եկեղեցիներով, ուր պատարագ կը մատուցուի։ Այդ իսկ պատճառով՝ այցելուներուն քանակը շարունակաբար կ՝աճի»։

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ վերականգնուած էր 2010ին եւ բացուած թանգարանի կարգավիճակով: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք՝ հայ համայնքը տարին մէկ անգամ այնտեղ պատարագ մատուցելու արտօնութիւն ունի: