Ամերիկահայ Նուպար Աֆէեանի Ընկերութիւնը Մշակած է Նոր Քորոնա Ժահրի Դէմ Պատուաստանիւթ


 «Արմռատիօ, Թայմ»,- Moderna Therapeutics կենսաբանական եւ գիտահետազօտական ընկերութիւնը, որ հիմնուած է Մասաչուսէթս նահանգի Քեմպրիճ քաղաքին մէջ, առաքած է COVID-19 պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակները: Moderna Therapeutics-ի համահիմնադիրն ու նախագահը ամերիկահայ Նուպար Աֆէեանն է:

Պատուաստանիւթը ստեղծուած է 42 օրուան մէջ: Առաջին սրուակները ուղարկուած են ԱՄՆ Դիւրազգացութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկ (National Institute of Allergy and Infectious Diseases), որ Ապրիլին պիտի պատրաստէ պատուաստանիւթերը մարդոց վրայ փորձելու համար:

Առողջութեան ազգային հիմնարկի գիտնականները նաեւ սկսած են փորձարկել ժահրի դէմ դեղամիջոցը, որ մշակուած էր էպոլայի,  SARS-CoV-2-ով վարակուած հիւանդներու համար: Այս պատուաստանիւթը պիտի անցնի փորձարկման փուլ եւ առաջին կամաւորը պիտի ըլլայ այն ուղեւորը, որ քորոնա ժահրով վարակուած էր Diamond Princess նաւին մէջ:

Ուսումնասիրութեան մէջ պիտի ներառուին նաեւ COVID-19-ով ախտորոշուած այլ անձիք, որոնք հիւանդանոցի մէջ կը գտնուին:

Նուպար Աֆէեան 2015-ին Ռուբէն Վարդանեանի եւ Վարդան Գրիգորեանի հետ հիմնած է «100 կեանք» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը: