Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը` Թրամփի Ներգաղթային Քաղաքականութեան Վերաբերեալ Հրամանագիրին Վերաբերեալ


Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն տարածած է Սպիտակ տան` «Օտարերկրեայ ահաբեկիչներ»ու մուտքը ԱՄՆ արգիլելուն ուղղուած հրամանագիրին վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ մտահոգուած մնալ Յունուար 27ին ընդունուած հրամանագիրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին համար, ինչպէս ԱՄՆի քաղաքականութեան, այնպէս ալ հայ անհատներու եւ ընտանիքներու վրայ այդ հրամանին ձգած հետեւանքներուն առումով:

Հրամանագիրը 90օրեայ ժամկէտով ԱՄՆ մուտքի սահմանափակումներ կը մտցնէ Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի, Լիպիոյ, Եմենի, Սոմալիի եւ Սուտանի քաղաքացիներուն համար` անկախ անոնց կարգավիճակէն:

Հայ Դատի յանձնախումբը մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ դեռ պարզ չէ, թէ այդ իրաւական գործողութիւնը ինչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ԱՄՆ քաղաքացի չհանդիսացողներուն վրայ: Հաղորդագրութեան համաձայն` յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատանքը համապատասխան կողմերու հետ, ինչպէս` Քոնկրեսի եւ Սպիտակ տան:

Յանձնախումբը խորհուրդ տուած է հայերուն, որոնց բարեկամները կամ ընկերները ձերբակալուած են ԱՄՆ մուտք գործելու ընթացքին, կամ որոնց թոյլ չեն տուած վերադառնալ ԱՄՆ, կապուիլ յանձնաժողովին հետ travel@anca.org ելեկտրոնային հասցէի կամ (202) 775-1918 հեռախօսահամարի միջոցով:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձախումբը խորհուրդ կու տայ Իրանի, Իրաքի, Լիպիոյ, Սոմալիի, Սուտանի, Սուրիոյ եւ Եմենի հայերուն, որոնք ԱՄՆ քաղաքացիներ չեն, խուսափիլ ԱՄՆէն դուրս գալէն, մինչեւ աւելի յստակ դառնայ այդ սահմանափակումներուն ամբողջ իրաւական խնդիրը եւ բնոյթը,  քանի որ անոնց կրնան թոյլ չտալ վերադառնալ երկիր` անկախ գաղթականութեան կարգավիճակէն:

«Իբրեւ հայկական ծագումով ամերիկացիներ` հպարտ ներգաղթեալներու համայնք, որոնցմէ շատերը Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի եւ այս հրամանագրի մէջ նշուած այլ երկիրներու արմատներ ունեցող Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ընտանիքներէն են, մենք կը շարունակենք խորապէս մտահոգուած մնալ այս նոր սահմանափակումներու բարոյական, իրաւական եւ մարդասիրական հետեւանքներուն վերաբերեալ: Իբրեւ հանրային քաղաքականութեան հարց` մենք կը յայտնենք մեր մտահոգութիւնները ինչպէս Քոնկրեսին, այնպէս ալ Սպիտակ տան: Մենք հաստատակամ ենք մեր համայնքի շահերը պաշտպանելու հարցով եւ առաջ պիտի մղենք մեր շահերը, որ կը կայանայ ուժեղ Սփիւռք, պաշտպանուած Հայաստան, ազատ Արցախ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արդար բանաձեւ ունենալու մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: