Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումին Առթիւ Տօնախմբութիւն՝ Հայ Կեդրոնէն Ներս


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումէն ետք 29 Հոկտեմբեր-ին Թորթոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ հաւաքուած հայորդիներ կը տօնեն յաղթանակը

Տիրուկ Մարգարեան

29 Հոկտեմբեր 2019 թուականը ոսկի տառերով պիտի գրուի հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն վրայ:

Երկար տարիներու սպասումն ու անխոնջ ջանքերու արդիւնքը յաղթանակի դափնեպսակով զարդարեց մեր ժողովուրդին լուսապսակ ճակատը, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամրագրող Ներկայացուցչական Տան թիւ 296 բանաձեւը ընդունուեցաւ 405 կողմ 11 դէմ ձայներու մեծամասնութեամբ:

Համայն հայութեան համար տօնի վերածուած այդ օրուան խորհուրդը եւ անոր պարգեւած ուրախութեան պահը նշելու, առաւել եւս յաղթանակի քաղցրութիւնը զգալու համար հայակական օճախի մէջ համախմբուիլը անհրաժեշտութիւն էր: Թորոնթոհայութեան համար այդ հայկական ջերմիկ օճախը անկասկած Հայ Կեդրոնն էր, ուր սոյն օրուան երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ խանդավառութեամբ համախմբուած էին բոլորը եւ մէկ սիրտ ու մէկ հոգի դարձած կ’ողջունէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած Ներկայացուցիչներու Տան որոշումը:

Ներկաներէն, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի Գրասենեակի վարիչ Սեւակ Պէլեանի հետ ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին, օրուան իրադարձութեան իմաստին ու ապագային ակնկալիքներուն մասին հարցումիս պատասխանեց` ըսելով. ՙԱմերիկան, աշխարհաքաղաքական իմաստով, ամէնէն ծանրակշիռ երկիրը կը համարուի եւ անոր այս մասնակի ճանաչումը, ինքնաբերաբար, շատ մեծ դեր կը խաղայ ե՛ւ աշխարհաքաղաքական, ե՛ւ քարոզչական իմաստով ու մեծ նշանակութիւն ունի Հայ Դատի ընդհանուր աշխատանքին վրայ: Այսօրուան իրադարձութիւնը աննախադէպ է, որովհետեւ այս բանաձեւը անխախտ կը մնայ ու ո՛չ մէկը կրնայ չեղարկել զայն: Մեզի կը մնայ, որ Ծերակոյտը նոյնպէս անցընէ նման բանաձեւ մը, ապա` նախագահը: Այսինքն` տակաւին տանելիք հսկայ աշխատանք ունինք, սակայն այսօրուան յաղթանակը մեզի յոյս կը ներշնչէ, որ ինքնաբերաբար հաւատանք, թէ մօտիկ ապագային այդ ամէնը պիտի իրականանան: Գերագնահատելի է Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքները եւ այս յաղթանակը արդիւնքն է տասնամեակներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարուող անդուլ աշխատանքին: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձախումբերը, մասնաւորապէս Ուաշինկթընի գրասենեակը` ունենալով արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններու գործիչներու օգնութիւնը, իսկապէս շատ հսկայ եւ հետեւողական աշխատանք տարին` յաջողցնելով այս աննախընթաց քայլը: Մենք, որպէս Գանատայի շրջան, տեղին է մեր զօրակցութիւնը ցուցաբերենք անոնց, որովհետեւ գանատահայերս այս բոլորը որոշ չափով ճաշակած ենք եւ այս մարզէն ներս ունեցած ենք ամբողջական յաջողութիւն: Այսօր Հայոց Ցեղասպանութիւնը մինչեւ վարչապետի մակարդակով կ’ընդունուի հոս եւ լիայոյս ենք, որ յառաջիկայ օրերուն Ամերիկան ալ հասնի լիակատար ընդունման այդ հանգրուանին՚:

Հոկտեմբեր 29-ին Հայ Կեդրոնէն ներս տիրող ցնծութեան մթնոլորտին մասին հարցումիս ի պատասխան` Պէլեան ըսաւ. ՙԱյսօրուան հաւաքոյթը ցոյց կու տայ, որ մեր մէջ չկան աշխարհագրական բաժանումներ: Մենք մէկ ենք եւ հայ դատի աշխատանքը աշխարհացրիւ աշխատանք է, ունի մէկ ուղի եւ կեդրոնացած մէկ նպատակակէտ եւ այսօրուան հաւաքը շատ լաւ փաստ մըն է այդ ուղղութեամբ: Ամերիկայի Ներկայացուցչական Տան կողմէ այս բանաձեւին ընդունումը մեր ամէնէն բաղձալի քայլը եղած էր, որուն իրականացման համար անխոնջ աշխատանք տարուած է: Փառք  Ամերկայի մեր տղոց, փառք գանատահայութեան եւ թորոնթոհայութեան, որ ամէն ինչի ի գին միշտ պատրաստ եղած են կողք-կողքի կենալու եւ իրարու օգտակար դառնալու: Բոլորիս համար շնորհաւոր ըլլայ այս տօնական օրը՚:

Երեկոյեան ժամը 8-ին Հայ Կեդրոնին մէջ հաքուած թորոնթոհայութիւնը նախ CP24 կայանէն դիտեց Գանատայի Հայ Դատի անդամ Մարիան Դաւիթեանի հետ Արտա Զաքարեանի վարած հարցազրոյցը, ապա` Ամերիկայէն ուղիղ միացումով կապուեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանի հետ, որ սոյն բանաձեւին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Ներկաները ծափողջիւններով ողջունեցին բանաձեւին քուէարկութեան արդիւնքին մասին տրուած մանրամասն տեղեկութիւնները, ըստ որուն` 405 կողմ եւ 11 դէմ  մեծամասնութեամբ ընդունուած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Զարեհ Քէնտիրեանի երգած ազգային երգերուն կ’ընկերակցէին բոլոր ներկաները եւ լիաթոք կ’երգէին հայրենասիրական երգեր: Եռագոյնը կը ծածանէր Հայ Կեդրոնի մէջ խրախճանային մթնոլորտ ստեղծող երիտասարդներուն գլուխներուն վրայ, եռագոյնին հետ կը բարձրացնէին Արցախի, Գանատայի եւ Ամերիկայի դրօշները, եւ մեր մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներուն թոռներուն ու ծոռներուն խանդավառ աչքերէն կը պլպլար ներկայի երջանիկ պահուն փայլքը ու յետագայ ծրագիրներուն ճաճանչները: