Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Մասնակցած Են Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ Հայ, Քիւրտ Եւ Եզիտի Համայնքներու Կազմակերպած Ցոյցին


«Հայրենիք»․- Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կատարած են հայ, քիւրտ եւ եզիտի համայնքներու ներկայացուցիչները:

Բողոքի ցոյցին միացած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ներկայացուցիչներ:

Մասաչուսեց նահանգը ներկայացնող քոնկրեսական Ճիմ Մաքկովըրն, ելոյթ ունենալով ցուցարարներուն առաջ, նշած է, որ Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը պէտք է պաշտպանէ խօսքի, հաւաքներու ազատութիւնը, սակայն նախագահ Էրտողան արտակարգ դրութիւն յայտարարած է եւ զայն կ՛օգտագործէ իբրեւ արդարացում` քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ ճնշումներ գործադրելու համար: «Այդ ամէնը կը կատարուի անոր իշխանութիւնը ամրապնդելու համար: Մենք ատիկա կ՛անուանենք մենատիրութիւն` պարզ ու յստակ: Մարդու հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները կ՛ոտնահարուին Թուրքիոյ մէջ: Էրտողան փորձեց նոյն մարտավարութիւնը կիրարկել նաեւ այստեղ, սակայն ատիկա տապալեցաւ: Այդ մարտավարութիւնը չ՛աշխատիր այստեղ` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Միացուցէ՛ք ձեր բարձրախօսները եւ թող Թուրքիոյ դեսպանատունը լսէ, որ մենք պիտի չլռենք: Մեզի պիտի չկարենան լռեցնել», կոչով ամփոփեց իր խօսքը քոնկրեսական Մաքկովըրն:

Մերիլենտը ներկայացնող քոնկրեսական Ճոն Սարպանես շեշտեց, որ Էրտողանի դրսեւորած յարձակողական եւ բռնատիրական միտումները թոյլ չեն տար Թուրքիոյ լուծել իր առջեւ ծառացած խնդիրները:

«Մենք տեսած ենք բռնութիւններ ու խտրականութեան դրսեւորումներ, որոնք Թուրքիոյ մէջ կեանքի կը կոչուին պետական մակարդակով քիւրտերուն, հայերուն, այլ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ: Երբեք չէի մտածեր, որ այդ բռնատիրական մղումներն ու դրսեւորումները կրնայի տեսնել այստեղ` Միացեալ Նահանգներու հողին վրայ: Մենք իրաւունք ունինք խաղաղ կերպով մեր ձայնն ու բողոքը բարձրացնելու այս դրսեւորումներուն դէմ», ընդգծած է քոնկրեսական Սարպանես:

Ցուցարարներու պաստառներուն վրայ գրուած էր` «Արտայանձնեցէ՛ք թուրք յանցագործները», «Պաշտպանել սահմանադրութեան թիւ 1 փոփոխութիւնը (խօսքի ազատութեան առնչուող փոփոխութիւնը Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան մէջ, «Ա.»)», «Ո՛չ բռնութեան Միացեալ Նահանգներու հողին վրայ», «Ազա՛տ արձակեցէք Տեմիրթաշը» եւ այլն:

Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցին մասնակիցները խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու կատաղի յարձակման ենթարկուած էին: Քանի մը վիրաւորներ արնաշաղախ հիւանդանոց տեղափոխուած են: Յայտնի դարձած է, որ յարձակումը իրականացուցած են Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները: Աւելի ուշ յայտնուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս Էրտողան անձամբ հրահանգ կու տայ ցուցարարներուն վրայ յարձակելու:

Ցոյցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի, Ամերիկայի Հելլենական խորհուրդի եւ շարք մը այլ` քրտական, ասորական եւ յունական կազմակերպութիւններու կողմէ: