Այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցին Կը Տօնէ Բարեկենդանը, Իսկ Վաղը Կը Սկսի Մեծ Պահքի Շրջանը


Երեւանի մէջ կազմակերպուած Բարեկենդանի երթէն պատկեր մը։

Հայ Առաքելական եկեղեցին Բուն Բարեկենդանը այս տարի կը տօնէ Մարտ 3ին։ Բարեկենդանին կը յաջորդէ 40 օրեայ պահքի շրջանը՝ մինչեւ Սուրբ Յարութեան տօնը։

Բարեկենդանը ե՛ւ եկեղեկցական ե՛ւ ժողովրդական տօն է։ Հին ժամանակ՝ հայկական տօներէն ամէնէն ուրախն ու ամէնէն տարածուածը: Այս տօնախմբութիւնը կատակով յաճախ կ’անուանէին «փորեկենդան», որովհետեւ տօնին գլխաւոր յատկանիշը կերուխումն էր:

Բարեկենդանի աւանդութիւնը կու գայ շատ հին ժամանակներէն, բառը ստուգաբանելով (բարե=բարի, կենդան=կենդանութիւն) կարելի է եզրակացնել, որ անիկա կապ ունի բնութեան զարթօնքին, բերքի ու բարիքի հետ: Այս իմաստով Բարեկենդանը բազմաթիւ ծիսական պաշտամունքային տարրեր ունի, որոնք մնացած են խաղերու ձեւով:

Բարեկենդանի  Խորհուրդը

Բարեկենդան, որ բառացի կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, ուրախութիւն, մարդու երջանկութեան յիշատակն է, որ դրախտին մէջ կը վայելէին Ադամն ու Եւան: Ան նաեւ դրախտային կեանքի օրինակն է, ուր մարդուն արտօնուած էր ճաշակել բոլոր պտուղները, բացառութեամբ բարիի եւ չարի գիտութեան ծառի պուտղէն, որ պահքի խորհրդանիշն է:  Բուն բարեկենդանը մարդուն կը յիշեցնէ իր երջանիկ վիճակը, իսկ Մեծ պահքը` խորհիլ կու տայ, թէ ինչպէ՞ս անիկա կորսնցուց եւ կը մատնանշէ անոր վերադառնալու միջոցն ու ճանապարհը:

Բարեկենդանի տօնը կը նշուի հիմնականին մէջ դիմակներով, որոնք կը խորհրդանշեն դրախտի բոլոր կենդանիները: Ադամը բոլոր կենդանիներուն անուններ տուաւ եւ միաժամանակ ապրեցաւ դրախտին մէջ, բարեկեցութեան մէջ` ղեկավարելով կենդանիները: Անոնց պատկերներով դիմակներն ալ Բարեկենդանի տօնը կը խորհրդանշեն: Այս ամէնը բարեկենդանութեան յիշողութիւնն է, մէկ խօսքով` ափսոսանքը, որ այլեւս չունին այդ դրախտը:

Բարեկենդանի տօնին մարդիկ կը պարեն, կ՛ուրախանան: Ասիկա մարդկային հոգիի ուրախութեան նշանն է: Բարեկենդանի խորհուրդներէն մէկն ալ բարիի ու չարի պայքարը կը խորհրդանշէ: Խաղերու ընթացքին կը ծաղրուին համայնքի անարդար մեծաւորները, դատաստան կ՛ընեն ու կը պատժեն: Իրական կեանքի մէջ չկրցածը կարելի է կատարել Բարեկենդանի օրերուն, խաղերու ընդմէջէն: Այդ օրը մէկը միւսէն նեղուելու իրաւունք չունէր, բոլորը կրնային կատակել, ծաղրել եւ քննադատել:

Աւանդութիւններ Եւ Սովորութիւններ

Այս առիթով կը պատրաստէին տարբեր տեսակի ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ, կ’օգտագործուէր առատ խմիչք, իսկ հարբեցողութիւնը բնականաբար ներելի էր այդ օր: Կաղանդի նման` կ՛այցելէին իրարու տուն եւ կը շնորհաւորէին, կը մասնակցէին ճոխ սեղաններու խնճոյքներու, կը կազմակերպէին խաղեր, երգ, պար, ներկայացումներ եւ այլն… Բարեկենդանին կը պահպանուէր նաեւ նորահարսներու «դարձ երթալու» սովորոյթը: Այս օրը իրարու տօնը կը շնորհաւորէին բարեմաղթանքի հետեւեալ խօսքերով. «Շնորհաւոր ապաշխարանք Քրիստոսի» կամ «Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան»:

Բարեկենդանի յատուկ բազմաթիւ խաղեր կան․ «Աբեղաթող»ը կը կազմակերպուէր վանքերուն կամ եկեղեցիներուն մէջ, երբ սարկաւագէն, աբեղայէն ու վարդապետէն մինչեւ եպիսկոպոսը գրեթէ կը հաւասարէին եւ պահ մը մոռացութեան կը տրուէին դասային տարբերութիւնները: Սեղանատան մէջ տեղի ունեցող խնճոյքներուն կը յաջորդէր թափօրը:

Բարեկենդանի խաղերէն էին ընկուզախաղն ու ճօճախաղը: Ճօճախաղին առաւելաբար կը մասնակցէին կիները, երիտասարդ աղջիկներն ու երեխաները: Անոնք պարանով պատրաստուած ճօճանակներու վրայ կ՛օրօրուէին, իսկ իրենց շուրջ հաւաքուած բազմութիւնը ճիպոտով կը հարուածէր ոտքերուն, որպէսզի ճօճուողը որեւէ գաղտնիք յայտնէ, կամ սիրած երիտասարդին անունը բացայայտէ:

Գիւղին հրապարակը տեղի կ’ունենար ձիարշաւ, որ կ’աւարտէր «Ուտիս տատին» վռնտելու եւ «Պաս պապին» հրաւիրելու ծէսով: «Ուտիս տատը», որ Բարեկենդանի օրերուն բոլորը ուտել–խմելու կը հրաւիրէր, այժմ արդէն գզգզուած տիկնիկ է: Բարեկենդանի վերջին օրը երեկոյեան հանդիսաւոր կերպով կը գլորի սարի գլխէն` երիտասարդներուն բարեկենդանեան վերջին խնճոյքը հովանաւորելէ ետք: Անոր կու գար փոխարինելու «Պաս պապի»ն կամ «Ակլատիզ»ը (Աքլատիզ, Գոգոռոզ, Խուլուճիկ, Մեծպապ, Պապի պուլուլ, Ֆռիկ): Ակլատիզը պատրաստուած կ՛ըլլար սոխէ` վրան եօթը փետուր եւ թելով առաստաղէն կախուած: Զայն առաստաղէն կախելու ատեն կ՛երգէին.

Տատը գնաց շերեփը ձեռքին,
Պապը եկաւ չոմբախն ուսին:

Եօթը փետուրները, որոնք Մեծ պահքի եօթը շաբաթներուն կը համապատասխանէին, օրացոյցի դեր կը կատարէին, իւրաքանչիւր շաբթուան վերջը մէկ փետուր կը վերցնէին:

Բարեկենդանի Ուտելիքները

Բարեկենդանի օրերու ամէնէն բնորոշը կերակուրներու առատութիւնը եւ այլազանութիւնն է: Անպայման իւրաքանչիւր ընտանիք, նիւթական իր հնարաւորութիւններուն չափով, կը մորթէր երինջ, այծ, ոչխար կամ հաւ:

Բարեկենդանի տօնի աւանդական ճաշատեսակներէն են` «ՓԱԹԻԼԼԱՆ» (պանիրով կամ միսով տապկուած խմորեղէն), «ԱՄԻՃԸ» (լեցուած հաւ կամ հնդկահաւ), «ԲԽԲԽԻԿԸ» (տապկուած անուշեղէն), «ՀԱԼՎԱՆ», «ՓԱԽԼԱՒԱՆ», «ՍԸՌՈՆԸ» (թանապուրի մէջ եփած խմորէ գնդիկներ), «ԹԱՆԱՊՈՒՐ»ի տեսակները, ձուածեղներ, «ՍԵՄՍԵԿ»ը (միսով խմորեղէն), գաթաներու տեսակները, աղանձը, փոխինձը, ինչպէս նաեւ` կոլոլակները, խորովածներն ու խաշլաման:

Պարտադիր ճաշատեսակը խաշիլն էր, որով կը սկսէր տօնը եւ երկու շաբաթ կը պատրաստուէր բոլոր տուներէն ներս: Վերջին օրը, երեկոյեան, կաթնապուր ու մածուն կ՛ուտէին, վրայէն` խաշած հաւկիթ, ըսելով. «Մեր բերանները փակենք սպիտակ հաւկիթով. Աստուած արժանացնէ կարմիր հաւկիթով բանալու», ակնարկելով, որ ահա կը սկսի Մեծ պահքը, որուն ընթացքին այլեւս հաւկիթ պիտի չուտեն մինչեւ Զատիկ: Որոշ տեղերու մէջ հաւկիթ խաշելու փոխարէն ձուածեղ կը պատրաստէին:

Քառասնօրեայ Պահքը

Հայ եկեղեցին, Բուն Բարեկենդանի նախորդող օրը` շաբաթ երեկոյեան, ժամերգութեան ընթացքին եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը կը փակուի, խորանը կը ծածկուի եւ այնպէս փակ կը մնայ քառասնօրեայ պահքի շրջանին: Մեծ պահքի ընթացքին վարագոյրը կը բացուի միայն Ծաղկազարդին, Աւագ հինգշաբթի` ոտնլուայի արարողութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի  վիրապ, Ս. Մարիամ Աստուածածնի աւետման, Տեառնընդառաջի տօներուն, եթէ անոնք զուգադիպին Մեծ պահքի օրերուն: Մինչեւ Ծաղկազարդ Աւետարանը չեն համբուրեր եւ «Հաւատամք»ի ու «Կեցցո՛»ի ժամանակ չեն բարձրացներ ի տես ժողովուրդին:

Պահքի ժամանակ կը մատուցուի փակ պատարագ: Պսակի խորհուրդը տեղի չ’ունենար, կ՛արգիլուի մատաղ ընել, մինչ կը թոյլատրուի մկրտութիւն եւ նշանտուք կատարել: Մեծ Պահքի (պաս) իւրաքանչիւր Կիրակին ունի իր անունը:

Մեծ պահոց շրջանը ինքնաքննութեան եւ խոկումի ժամանակաշրջան է, երբ հաւատացեալները ո՛չ միայն կերակուրներէն կը հրաժարին, այլ նաեւ հեռու կը մնան մարմնական հաճոյքներէն, ապաշխարութեամբ ու աղօթասացութեամբ չափաւոր, զուսպ կեանք մը կը վարեն:

Քառասուն օրերը կապուած են Քրիստոսի անապատ քաշուած միջոցին քառասնօրեայ ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ապաշխարութեան շրջանին, ինչպէս նաեւ` Ս. Գիրքին մէջ յաճախ յիշուող 40 խորհրդանշական թիւին հետ: Իրականութեան մէջ քառասնօրեայ պահքը 47 օր կը տեւէ, իսկ 48-րդ օրը` Ճրագալոյց, Ս. Զատկուան նաւակատիքն է: Քառասնօրեայ պահքի օրերը կը կոչուին «Աղեւացքի օրեր», այսինքն` Մեծ պահքը աղով ու հացով անցընելու ժամանակաշրջան: Ժամանակին աղ ու հացով կ՛ապրէին ճգնաւորներն ու անապատականները:

Պահքի շրջանին պէտք է հրաժարիլ կենդանական ծագում ունեցող կերակուրներու (մսեղէն, կաթնեղէն, ձկնեղէն) օգտագործումէն եւ ժուժկալութեամբ աստուածահաճոյ կեանք ապրիլն է, որպէսզի այդ ձեւով հնարաւոր ըլլայ հոգին զօրացնել, հաւատքը ամրապնդել եւ դէպի երկինքի արքայութիւն երթը աւելի հաստատուն դարձնել:

“Ազդակ”