Սկիզբ Առաւ Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններու Քարոզարշաւը


Նոյեմբեր 26ին ընթացք առաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը: Անիկա պիտի տեւէ 12 օր, պիտի աւարտի Դեկտեմբեր 7ին, 8ը լռութեան օր է, 9ը` ընտրութեան: Արտահերթ ընտրութիւններուն կը մասնակցի է 11 քաղաքական ուժ` «Իմ քայլը» եւ «Մենք» դաշինքները, «Ազգային առաջընթաց», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Լուսաւոր Հայաստան», ՀՅԴ, «Հայաստանի Հանրապետական», «Սասնայ ծռեր» համահայկական, «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական, Քրիստոնէա-ժողովրդական վերածնունդ, «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնները:

Հայաստանի մէջ Նոյեմբերի դրութեամբ ընտրելու իրաւունք ունի 2,574,916 քաղաքացի: Ընտրութիւններու իրականացնելու համար ստեղծուած են 13 ընտրական տարածքներ:

Յիշեցնենք, հետյեղափոխական առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ նախկին ընտրակարգով, որ միայն համամասնական է` բաղկացած երկու աստիճանէ:

Ըստ գործող Ընտրական օրէնսգիրքին` ամէն ընտրատարածքի մէջ քաղաքական ուժը պէտք է առաջադրէ նուազագոյնը 5 թեկնածու` իւրաքանչիւրը 15 հազար ընտրողի հաշուարկով: Պատգամաւորի թեկնածուն պէտք է ըլլայ նուազագոյնը 25 տարեկան, վերջին 4 տարին ունենայ միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն, մշտապէս ապրած ըլլայ Հայաստանի մէջ եւ տիրապետէ հայերէնին: Սահմանադրութեան համաձայն` Ազգային ժողովը կ՛ընտրուի 5 տարի ժամկէտով եւ պէտք է ունենայ առնուազն 101 պատգամաւոր:

Իրաւագիրները կը բաշխուին համամասնօրէն բոլոր քաղաքական ուժերու միջեւ, որոնք յաղթահարած են նուազագոյն շեմը` 5% կուսակցութիւններուն համար, 7%` դաշինքներուն: