Այսօր Սպիտակի Աւերիչ Երկրաշարժին 30րդ Տարելիցն է


30 տարի առաջ այս օրը Հայաստանի պատմութեան մէջ ամենասարսափելի ու աւերիչ երկրաշարժներէն մէկը տեղի ունեցաւ: Վէրքը դեռ չէ սպիացած եւ պատճառուած վնասը ամբողջութեամբ չէ վերականգնուած: 

1988 թուական Դեկտեմբեր 7ին, ժամը 11։41ին ցնցուեցան Հայաստանի հիւսիսային շրջանները: Երկրաշարժը պատուհասած էր Հայաստանի տարածքի մօտ 40 տոկոսը, ուր կ՛ապրէր 1 միլիոն մարդ:

Ուժգնութիւնը կեդրոնին մէջ 10 աստիճան էր: Աւերման գօտիին մէջ, ուր երկրաշարժի ուժգնութիւնը կազմած է 8 աստիճան եւ աւելին, տուժած են 21 քաղաք եւ շրջան, 342 գիւղ: Անօթեւան մնացած են 514 հազար մարդ: Տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած մօտ 20000 մարդ, որոնցմէ հիւանդանաց տեղափոխուած են 12500 մարդ, զոհուած է 25000 մարդ: Զոհերը շատ եղած են յատկապէս Գիւմրիի (մօտ 15-17 հազար) եւ Սպիտակի (4 հազար մարդ) մէջ:

Աւերուած է Հայաստանի ամբողջ բնակարանային կառուցուածքի 17 տոկոսը, դադրած են գործելէ 170 գործարանարդիւն: Մեծ վնաս կրած է նաեւ ճարտարապետական, պատմական, արուեստի յուշարձանները, տուժած է 917 կրթական օճախ:

Ազգաբնակչութեան եւ փրկարարներու ջանքերով փլատակներէն, զոհուած կամ կենդանի, հանուած է աւելի քան 45000 մարդ։

Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք տարբեր երկիրներէ մարդասիրական օգնութեան հասաւ Հայաստան օդանաւերով, գնացքներով, մեքենաներով: Համակողմանի օգնութեան կը մասնակցէին աշխարհի 113 երկիրներ, բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ: Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Ղաղախստանէն եւ ԽՍՀՄ միւս Հանրապետութիւններէն Հայաստան ժամանեցին հազարաւոր փրկարարներ, բժիշկներ, շինարարներ եւ այլ մասնագէտներ: Անոնք աղէտեալներուն օգնելու համար կը բերէին սննդամթերք, բժշկական սարքաւորումներ, դեղորայք, վրաններ, շինարարական սարքեր եւ այլն: 1989ի սկիզբը աղէտի գօտիին մէջ կ՛աշխատէին այլ հանրապետութիւններէ ժամանած աւելի քան 40 հազար մասնագէտներ, զինծառայողներ, որոնք ԽՍՀՄ կառավարութեան ընդունած որոշման համաձայն մեծ աշխատանք ծաւալեցին: Որոշուած էր աւերուածը վերականգնել երկու տարուան մէջ: Աղէտի գօտիէն շուրջ 170 հազար մարդ տեղաւորուեցաւ Կովկասի առողջարաններու ու հանգստեան տուներու մէջ: Հազարաւոր խեղուած երեխաներ բուժման նպատակով տեղափոխուած էին Խորհրդային Միութեան եւ արտասահմանի բուժարաններ:

 

Սպիտակի երկրաշարժի հետեւանքով տարբեր ծրագիրներու ծիրէն ներս լուծուած է անօթեւան մնացած 66 հազար 400 ընտանիքի բնակարանային խնդիրը: ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի պատսխանատուներէն Տանիա Արզումանեան նշած է, որ պետական ծրագիրը կը շարունակուի, քաղաքային հատուածներու մէջ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացածներու բնակարանային հարցը լուծումը ընթացքի մէջ է, իսկ գիւղական հատուածներու մէջ դեռ խնդիր կայ:

«Երկրաշարժէն 20 տարի անց պետութիւնը բնակարանային ապահովման ծրագրի միջոցով արձանագրուած 7 հազար ընտանիքէն  2008-2017 թուականներու ընթացքին  լուծած է 4 հազար 839 ընտանիքի բնակարանային խնդիրը, իսկ այսօր Լոռիի, Շիրակի, Արագածոտնի գիւղական բնակավայրերու մէջ չէ լուծուած 542 ընտանիքի բնակարանի հարցը: 

2018 թուականին պեական ամավարկով նախատեսուած է Լոռիի մարզի բնակավայրերու մէջ առնուազն 44 ընտանիքի կիսակառոյց տուն աւարտել։

Ըստ Արզումանեանի 2019 թուականի ամավարկով նախատեսուած է անօթեւան արձանագրոած ընտանիքներուն բնակարաններով ապահովելու ծրագիրը աւարտել 2020 թուականին: