Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի Յուշակոթողին


Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Մարտի 21ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի յուշակոթողի պաշտօնական բացումը:

Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նախ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու մատուռին առջեւ՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով անոնց, ապա ուղղուեցան եկեղեցւոյ ձախ կողմը խրոխտ կերպով կանգնած Հայաստանի Հանրապետութեան յուշակոթող, ուր հնչեց «Գթա՛ տէր» շարականը՝ հոգիներուն հանգստութեան համար հայ ազգի նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը տուին ազգին եւ ազատ ու անկախ հայրենիքին համար:

Հայաստանի, Արցախի եւ «Կիլիկիա» քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ներկաներուն իր պատգամը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, Հայաստանի նախագահին եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ միւս համայնքներու ներկայացուցիչները, պաշտօնական եւ ժողովրդային ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց յուշակոթողի բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պէզիքեաններուն, յուշակոթողի հեղինակ քանդակագործ Անդրանիկ Դաւթեանին ու անոր գործակիցներուն, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի ճարտարապետներէն Յակոբ Շամլեանին ու Վազգէն Չեքիճեանին:

Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ աւելի քան հինգ դարերու ստրկութեան ու հալածանքի, Ցեղասպանութեան ու աքսորի ճիրաններուն մէջ տուայտող մեր ժողովուրդը 28 Մայիս 1918ին կերտեց իր նոր արշալոյսը՝ ազատ ու անկախ Հայաստանը՝ աւելցնելով, որ թէեւ այս անկախութիւնը երկար չտեւեց, ու պայմաններու բերումով կորսնցուցինք զայն, սակայն, Հայաստանի քայլերգին հին բառերով՝ «թշուառ ու անտէր» դարձած հայրենի հողին վրայ ծածանեցաւ Եռագոյնը՝ դրօշը անկախութեան: Անոր համաձայն՝ թէեւ Հայաստանի անկախութեան յաջորդող տարիները տառապալից եղան, սակայն հայրենի ժողովուրդը կառչած մնաց իր պապենական հողին ու դարաւոր մշակոյթին եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի գաղափարը միշտ վառ պահեց իր մէջ, որպէսզի երկար տասնամեակներու սպասումէ ետք 21 Սեպտեմբեր 1991ին կրկին դիմաւորէ արշալոյսը եւ կերտէ անկախութիւնը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով բարձրացած այս յուշակողոթը անլռելի զանգակատուն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ համայն մարդկութեան մեր հայրենիքին ու Արցախին անկախութիւնը, մեր ժողովուրդին ազատութիւնը աւետող, այս յուշակոթողը սիրոյ եւ երախտագիտութեան շօշափելի արտայայտութիւն է նկատմամբ այն բոլոր հայորդիներուն, որոնք միտքով, գրիչով, խօսքով, քրտինքով, ծառայութեամբ եւ արեամբ անկախութիւն կերտեցին՝ Արցախէն սկսեալ մինչեւ Արարատեան դաշտ: Անիկա գնահատանքի, սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւն է այն բոլոր հերոսներուն նկատմամբ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ճամբուն վրայ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Ան նշեց, որ անկախութեան համար կանգնեցուած յուշակոթողը կազմուած է երեք ամրակուռ սիւներէ՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, որոնք միասնաբար անբաժան ու անբաժանելի երրորդութիւն մըն են, որոնք կը բարձրանան դէպի երկի՛նք, անմահութի՛ւն եւ յաղթանա՛կ՝ աւելցնելով, որ այդպէս պէտք է ըլլայ հայութիւնը՝ մէկ ամբողջութիւն, միաձուլուած ու միակամ: