Անկախութեան Տօնին Առթիւ Հայաստանի Վարչապետին Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է ԱՄՆ Նախագահը


ԵՐԵՒԱՆ,- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին անկախութեան տօնի առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:

Ուղերձին մէջ նշուած է.

«Մեծարգոյ վարչապետ,

Ամերիկեան ժողովուրդին անունէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ հայ ժողովուրդը Հայաստանի Անկախութեան 28-րդ տարեդարձին առթիւ:

Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունէ մեր երկիրներու սերտ համագործակցութիւնը եւ ժողովրդավարական ու տնտեսական բարեփոխումներուն միտուած Ձեր կառավարութեան յանձնառութիւնը: Մենք զօրավիգ ենք իրաւունքի գերակայութիւնը յարգող կաշառակերութենէ զերծ ժողովրդավարական երկրին մէջ ապրելու հայ ժողովուրդին ցանկութեան, որ արտայայտուեցաւ անցած տարի ամբողջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ գործողութիւններու ընթացքին: Մենք կ՛ողջունենք Մինսկի Խումբի գործընթացի ծիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ ու տեւական լուծում գտնելու հարցով Ձեր անձնական ներգրաւուածութիւնը:

Լիայոյս եմ, որ մեր երկու երկիրներու միջեւ արդէն իսկ առկայ գործընկերութիւնը յառաջիկայ տարիներուն նոր թափ պիտի ստանայ: Ընդունեցէք իմ շնորհաւորանքներն ու լաւագոյն մաղթանքները այս կարեւոր տօնին առթիւ»: