Անկեղծ Խօսքեր (Վրէժ Արմէնին «Ինչո՞ւ Ոչ Հայերէն» Յօդուածէն Ներշնչուած)


Մարգար Շարապխանեան


Յաճախ կը խօսուի հայ լեզուի մասին,

անաղարտ պահել, անվրէպ գրել,

քանի մենք ունինք հայկազեան բառեր

պէտք չէ որ ման գանք օտար պարտէզներ:

Լսող կա՞յ արդեօք այս ճշմարտութեան,

ըլլայ Սփիւռքին մէջ ու Հայաստանին,

որ ցերեկ—գիշեր թերթ կը հրատարակենք

ու Մեծասքանչը, ստէ՛պ կ՛այլանդակենք:

Զիրար չխաբենք: Մենք օտարամոլ

ժողովուրդ դարձանք Սովետի օրով:

Ոչ միայն Երկրով, այլ նաեւ Լեզուով

գերի մենք դարձանք մեր տկար կամքով:

Հիմա մեր Երկրին թերթերն կը կարդամ:

Հեռատեսիլէն լուրեր կը լսեմ:

Տէր Աստուած, կ՛ըսեմ, այս ո՜ւր հասանք մենք

ու ամօթ կը զգամ ազգիս լեզուին դէմ:

Պետական մարդիկ, պաշտօնի տէրեր,

ու խմբագիրներ եւ լրագրողներ,

յաճախ կը խօսին, նաեւ կը գրեն

եւ օտար բառեր միշտ կը գործածեն:

«Ալ բա՜ւ է հայեր, չմնանք գերի,

թողնել «հայ լեզուն՝ դիմել օտարի»:

Պէտք է ազատուինք այս գերի բարքէն,

հայրենիք ունինք, ապրինք հայօրէ՜ն:

«Ով ականջ ունի, հաւատոյ բլթակ»,

արժանապատիւ կեցուածք թող ցոյց տայ:

Օտար բառերով չկայ փրկութիւն,

ցեխախրումի չտանինք լեզուն:

Եւ եթէ կ՛ուզէք գալիք սերունդներ

չայպանեն մեզ ու չմեղադրեն,

ճշգրիտ մենք խօսինք, անսխալ գրենք,

օտարին մուրէն հայ լեզուն փրկենք:

 

16 Նոյեմբեր 2016

Ուշի գիւղ, Արագածոտնի մարզ