Թորոնթոյի Մէջ Համազգայինի Կազմակերպութեամբ՝ Երաժշտական Երեկոյ․ Անմոռաց Երգերուն Հրապոյրը


Թորոնթոյի Համազգայինի կազմակերպած անմոռաց երեկոյի մասնակից արուեստագէտներն ու երաժշտական յանձնախումբի անդամները։

Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեան


Թորոնթոյի գարնանային առաջին արեւաշող օրուան վերջալոյսին հետ սկսած էր Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան «Գլաձոր» Մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին կազմակերպած «ԱՆՄՈՌԱՑ ԵՐԳԵՐ» խորագիրը կրող երաժշտական երեկոն։

Ո՞վ կրնար գուշակել, որ Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Հայ Կեդրոնէն ներս հայաբոյր արշալոյս մը աւետող Համազգայինի նուագախումբի եւ երիտասարդ երգիչներու բազմերանգ կատարումները՝ իրենց իւրայատկութեամբ եւ մասնագիտական բարձր ճաշակով, երեք ժամուան տեւողութեամբ սրահին մէջ գտնուող թորոնթոհայերուն թեւեր պիտի պարգեւէին՝ թռիչք կատարելու դէպի Հայաստան, հայկական մշակոյթով բերկրալի պահեր ապրելու եւ մեր հիասքանչ հայրենիքին պայծառ գարունը վայելելու։

Օրուան հանդիսավար Սարին Փօլատեան-Աբիկեան բարի գալուստ մաղթեց հանդիստեսներուն, որոնք ուրախ տրամադրութեամբ համխմբուած էին մոմերով ու ծաղիկներով զարդարուած, համեղ ուտեստներով ու քաղցրեղէններով լի սեղաններուն շուրջ։ Հանադիսավարը, անյիշելի դարերէ ի վեր ճամբայ ելած եւ մեզի հասած, հայ երաժշտութեան պարտադիր գոյութեան կարեւորութիւնը շեշտեց հայ անհատի կեանքին բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին։ Դարերու մաքառումներէն յաղթական դուրս եկած հայ երգով է, որ հայ մայրը իր մայրական զգացումը փոխանցած է զաւակներուն, հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները երգած են իրենց վառ սէրը, հայ մարտիկը շեփորած է ազգին յաղթանակը եւ հայ պատանին անով սնած ու հասակ առած է։

Հանդիսավարին արտասանած Գէորգ Էմինի՝ «Ի՜նչ էլ լինի, եկէ՛ք այսօր զուարճանանք:

Տ՝է, ձեզ տեսնեմ զուարճացէ՛ք։

Թող սեղանը բացեն կանայք,

Դուք էլ գինու տիկը բացէք…»,

տողերուն հետ ԱՆՄՈՌԱՑ ԵՐԳԵՐու շողերը սկսան արձակուիլ, ձիւնին մէջէն ծնած գարնան աւետաբեր ձնծաղիկը զարթնեց ներկաներուն հոգիներուն մէջ ու երաժիշտներ՝ Վրէժ Ղազարեան, Յովիկ Կարապետեան, Ռաֆֆի Շանոյեան, Գէորգ Մանուկեան եւ Համօ Արզումանեանին մատուցած՝ «Երեւան» երգի երաժշտութեան ու պաստառին վրայ ցուցադրուած Հայաստանի տեսարժան վայրերուն պատկերները վայելող ներկաներուն հայրենիք երթալու սլացքը սկսաւ։

Առնօ Պապաճանեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Ռ. Ամիրխանեանի եւ աշխարհահռչակ հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն ու երգերէն ընտրանի մը հնչեց շնորհալի եւ տաղանդաւոր երաժիշտներու՝ Լեւոն Գարակիւլլէեան, Նուէր Ղազարեան, Լուսիկ Արոյեան, Դալար Սիմոնեան, Սեւակ Յարութիւնեան եւ Համօ Արզումանեանի կատարումներով։ Անոնց կատարած՝ «Չքնաղ Երազ», «Կապոյտ Թռչուն», «Սիրուս Կը Սպասեմ», «Ինչպէս Մի Աստղ», «Քեզ Հետ Իմ Սէր», «Ես Առանց Քեզ», « Հեռանալ», «Մեր Սիրոյ Աշունը» , «Սիրում Եմ Քեզ», «Կարմիր Վարդ» եւ «Սիրոյ Հասակ» երգերով հայրենի աշխարհին նռնենիները, կեռասենիները, թթենիներն ու ծիրանենիները փթթեցան, ապա՝ աշուղական, գուսանական եւ ժողովրդական երգերու քաղցր մեղեդիներուն ազդեցութեամբ ծաղկեցան։ Անոնք՝ «Շորորա», «Զեփիւռի Նման», «Պարտէզում Վարդ Է Բացուել», «Գիշեր, Ցերեկ» եւ այլ բազմապիսի երգերուն հետ բերքառատ ծառեր դառնալու խոստումներ տուին։

Սարմէնի՝ «Հայրենի Աղջիկներուն» բանաստեղծութիւնով, Սէյրան Ղազարեանի տուտուկին դրախտային հնչիւններուն ու մենակատար Լանա Տէր Պետրոսեանի՝ «Մախմուր Աղջիկ» երաժշտութեան ներքոյ մենապարած հեզաճկուն հայկական պարին կախարդանքով մեր հայրենիքի պարարտ հողը ջրուեցաւ եւ նոր կեանք երազելով շունչ առաւ ու տուաւ։

Կարգը հասած էր հրաշագեղ երգերուն կեանք պարգեւող մեր մեծամեծ բանաստեղծներու բանաստեղծութիւննրով նրբագեղօրէն հիւսուած՝ «Թէ Աչերս Քեզ Որոնեն», «Ամպեց Կորաւ Լուսնկան», «Բարի Արագիլ» երգերուն։ Կապուտիկեանի, Շիրազի, Աշոտ Գրաշիի բառերով եւ Համազգայինի երիտասարդ երգիչներուն բարձրորակ կատարումով Արարատեան դաշտն ու Արագածի փէշերուն տարածուած ոսկի դաշտերը երկար շունչ քաշեցին ու նորածին խոտերը կանաչով ներկուեցաւ, իսկ Համօ Արզումանեանի՝ «Աղաւնիներ» ստեղծագործութեամբ մեր խաղաղ երկրին երկինքը ծիածանի գօտին կապեց։ Երաժիշտ-ջութակահար Յովհաննէս Մուպայյէտի վարդաբոյր մեղեդիներուն հետ ծիծեռները տուն վերադարձան եւ բարի արգիլները բարտիներու կատարին բոյներ հիւսել ծրագրեցին։

Սարին Փօլատեան-Աբիկեանի ասմունքած Համօ Սահեանի՝ «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան անմար ջահին վրայ կաթիլ մը իւղ աւելցուց եւ Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ թնթաց ազգային երգը։ «Տուն Իմ Հայրենի», «Մարտիկի Երգը», «Աղբերս Ու Ես» երգերուն հետ հայրենի դաշտերուն վրայ կարմիր կակաչներու գորգերը տարածուեցան ու այդ կարմիր գոյնին համատեղ՝ «Արմէնեան Հող Ա» երգը անգամ մը եւս պահանջատիրութեան հրդեհը բռնկեցուց եւ հանդիստեսին ծափողջիւններով ու միաբերան երգով մեր եկեղեցիներուն ղօղանջները առ երկինք բարձրացուց։

Սարոյեան ըսած է, թէ՝ երկու հայ եթէ իրարու հանդիպին նոր Հայաստան կը կառուցեն։ Ահաւասի՛կ, այսօր, ովկիաններէն անդին, հեռաւոր Թորոնթոյի մէջ, Համազգայինի հայ բազմաշնորհ երիտասարդներուն տաղանդներուն շնորհիւ հայրենիքը անգամ մը եւս վերածաղկեցաւ մեր հոգիին ու սրտին մէջ։

Ձեռնարկի աւարտին խմբային երգուած՝ «Երեւան, Էրեբունի» երգով հայրենասիրութեան ուխտը անգամ մը եւս ճաճանչեց ներկաներուն հոգիներուն մէջ։ Անոնք Հայաստանի գարնան ծաղկած ծիլերը իրենց սրտին մէջ գրկած տուն վերադարձան, իսկ անոնց ականջներուն մէջ անմահ մնաց հայ երգի հնչիւններուն արձագանգը։

“Անմոռաց Երգեր” խորագիրը կրող երաժշտական երեկոյին նուագախումբը։ Երաժիշտներ` Վրէժ Ղազարեան, Յովիկ Կարապետեան, Ռաֆֆի Շանոյեան, Գէորգ Մանուկեան եւ Համօ Արզումանեան։

Համազգայինի “Գլաձոր” մասնաճիւղի երաժշտական յանձնախումբը։