Աննա Հակոբեան Փարիզի Մէջ Այցելեց ՀՅԴ Կեդրոն


Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Յակոբեան, շաբաթավերջին Ֆրանսայի մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հետ: Փարիզ եռօրեայ իր այցելութեան ծիրէն ներս Տիկին Յակոբեան՝ ընկերակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանի, Օգոստոս 10ի յետմիջօրէին այցելեց Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տուն եւ ջերմօրէն ընդունուեցաւ ՀՅԴ մեծ ընտանիքին կողմէ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան իր ողջիւնի խօսքին մէջ ըսաւ․ «Դաշնակցութեան նպատակը միշտ եղած է պաշտպանել Հայաստանը, Արցախը, հայ ժողովուրդին շահերը: Կ՛ուզեմ մեր ընկեր-ընկերուհիներուն ներկայութեամբ կրկնել, որ յեղափոխութիւնը պէտք է յաջողի, որովհետեւ յեղափոխութեան յաջողութիւնը հայ ժողովուրդի ապագան է: Եւ Դաշնակցութիւնը` թէ՛ Հայաստանի, Արցախի, եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, իր ուժերը կը ներդնէ յեղափոխութեան յաջողութեան տրամադրութեան տակ»:

Աննա Յակոբեանին ուղղուած ողջոյնի խօսքին մէջ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեան խոստացաւ տրամադրել բոլոր կարելիութիւնները` թէ՛ մարդուժի, թէ՛ ֆինանսական` յաջողցնելու համար յեղափոխութեան նպատակը, որուն վրայ  ժողովուրդը յոյս դրած է:

«Դաշնակցութեան համար Հայաստանն ու Հայաստանի պետականութիւնը վեր են ամէն ինչէ: Այդպէս եղած է նոյնիսկ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակ…», իր խօսքին մէջ նշեց Վարժապետեան` չուզելով յիշեցնել «այդ էջերն ու անոր հետեւանքները»:

Տիկին Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ընդգծեց, որ այս հանդիպումը շահեկան է եւ բաւականացած կը վերադառնայ Երեւան: Ան վեր առաւ ֆրանսահայ համայնքի որոշիչ դերը եւ յաւելեալ կորով ու նոր յաջողութիւններ մաղթեց գաղութին, հաստատելով, որ սոյն ներուժին կարիքը ունի Հայաստանը ու վստահ է, որ այս աշխուժ համայնքը իր բոլոր կարողութիւնները կը տրամադրէ նոր էջ բացած Հայաստանին:

Ան ըսաւ, որ յեղափոխութեան պտուղները զարգացնելը կարևոր գործ է, որ պէտք է միասին ընենք։ «Այն գործը, որ դուք մինչև հիմա ըսած էք Հայաստանի պետութեան և Արցախի համար անգնահատելի է. Այսօր մենք ունինք նոր հանգրուան, որ կը պահանջէ նոր աշխատանք և նոր մօտեցում։ Ես չեմ կասկածիր, որ դուք նաև այդ նոր աշխատանքին պիտի գտնէք այն ընելիքը, որ անփոխարինելի է», ըսաւ տիկին Յակոբեան: