Անտեսումը Միասնութեան Չ՛առաջնորդեր (Ոչ Ալ` Ծաղրանքն Ու «Շօ»-ն)


Վաչէ Բրուտեան

Մեր խօսքը կը վերաբերի Հայաստան-սփիւռք վերջին խորհրդաժողովին ու այդ առթիւ ստեղծուած կարգ մը երեւոյթներու:

Սկզբունքով նման համախմբումներ միայն դրական լիցքեր կրնան ստեղծել, կամ` պէ՛տք է ստեղծեն: Երբ նոյն ազգին պատկանող տարաբնոյթ հոսանքներու, մտածողութիւններու եւ ասպարէզներու մարդիկ քով-քովի կու գան` հասարակաց օրակարգերով:

Երբ առաջադրուածը համախմբում, կամ միասնութիւն ստեղծել է, առնուած գործնական քայլերը եւս պէտք է յենին նոյն այդ տրամաբանութեան վրայ:

Խօսինք ցայտուն օրինակով մը: Բացման նիստին, որուն կրցաւ հետեւիլ այս յօդուածագիրը ուղիղ կապով (համացանցը եւ համակարգիչը ողջ մնան…), բեմին վրայ էին ու պաշտօնական խօսքեր ըսին Հայաստանի ու Արցախի նախագահները, ինչպէս նաեւ… երկու կաթողիկոսները:

Եթէ հոգեւոր պետերուն խօսք պիտի տրուէր, այդ պարագային ինչո՞ւ բեմին վրայ չէին ու խօսքի առիթ չտրուեցաւ հայ միւս երկու յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն. այսինքն Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջին դէմքերուն: Անոնք եւս ըսելիք չունէի՞ն: Այս երկու յարանուանութիւններն ալ հայութեան բաղկացուցիչ տարրերէն են` իրենց քանի մը դարեայ ճոխ կենսագրութեամբ` հոգեւոր, ընկերային ու մշակութային ֊ կրթական բնագաւառներէ ներս:

Ո՛չ ըմբռնելի, ո՛չ ալ ներելի էր իրենց բացակայութիւնը այս պարագային. եւ թող յստակ ըլլայ, որ մեր այս խօսքը կ’ուղղուի համագումարի կազմակերպիչներուն: Ճիշդ չէ համախմբելու անուան տակ կազմակերպուած խորհրդաժողովէն դուրս պահել նշեալ երկու յարանուանութիւնները: Հակասութիւն կայ հոս կազմակերպիչներու լոզունգներուն եւ գործին միջեւ:

Սա` մէկ երեւոյթ:

Գանք երկրորդին: Խորհրդաժողովին կապակցութեամբ կատարուած պաշտօնական լրատւութիւնը (կամ քարոզչութիւնը) «շօ» մը կազմակերպելու տպաւորութիւնը կը ձգէր: Օրինակ` աննախընթաց մեծ թիւով երկիրներէ հրաւիրեալներ, ու ապա` մեծ թիւեր. սկիզբը 3000 հոգիի մասին խօսուեցաւ, վերջը անշուշտ` չէ՛,  այդքան չէ, 1500 հոգի եւ այլն:

Փոխադարձ վստահութիւն ստեղծելու եւ ամրապնդելու կոչուած քայլերը չեն կրնար աժան քարոզչամիջոցի վերածուիլ, պարոնա՛յք: Լրջութեան պակաս մը կայ հոս:

Խօսի՞նք վստահութեան մասին: Խօսի՛նք:

Երբ հայրենի իշխանութիւնները իրենց վարած ներքին ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան մէջ կ’առաջնորդուին ազատական գաղափարախօսութեամբ, երբ օրէնքի գերիշխանութեան համահունչ չէ եղած անցնող տարիներու իրենց վարքագիծը, շատ բնական է, որ թերահաւատութիւնը սկսի տիրական դառնալ:

Մեր երկրի օրինապահ մարմինները ամէն քայլափոխի հպարտօրէն կը հաղորդեն, որ «յայտնաբերած են» այսքան տարիէ ի վեր հետապնդուող այսինչ կամ այնինչ քրէական յանցագործը` սովորական գրպանահատներ, դրացիին կինը, կամ խանութ մը դաշոյնի սպառնալիքով կողոպտած հասարակ գողեր:

Սակայն կը սպասենք օրինապահ մարմիններու այն լրատւութեան, որով մեզի հաղորդեն, որ յայտնաբերած են Պռօշեանի գիւղապետը օր ցերեկով (առաւօտեան ժամը 9-ին) սպաննած ոճրագործը, կամ` արարքը հրահանգողը: Պռօշեանը ո՛չ Փեքին է, ո՛չ Թոքիօ, ո՛չ ալ Նիւ Եորք, ուր յանցագործը կարենայ անհետանալ տասնեակ միլիոն մարդոց մէջ:

Կը սպասենք այն օրուան, երբ մեր երկրի իշխանութիւնները քաղաքական կամքը ունենան եւ գործնական քայլեր առնեն երկրի տնտեսութիւնը խեղդող մենաշնորհեալներուն նկատմամբ: Ամէն պատճառ ունինք համոզուելու, որ այս ուղղութեամբ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին առած քայլերը (որքան ալ` ողջունելի եւ դրական) կիսամիջոցներ են պարզապէս, որովհետեւ արմատական բնոյթ չունին: Որովհետեւ այդ քայլերուն թիրախը մենաշնորհներու համակարգը չէ: Կ’ըմբռնենք նաեւ այն, որ նման արմատական քայլեր գրիչի հարուածով չեն առնուիր: Հայաստանը ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնք համապատասխան մօտեցում կը պահանջեն: Սակայն, միաժամանակ, նոյն այդ նրբութիւններուն անծանօթ չեն մեր երկրի ուժի խաղաքարտերը իրենց ձեռքերուն մէջ ունեցողները:

Աւելորդ է ըսել, որ այս երկու ուղղութիւններով որդեգրուելիք քաղաքականութիւնը մեծապէս կ’առողջացնէ երկրի ներքին հոգեբանական մթնոլորտը ու առաջքը կ’առնէ արտագաղթին. առնուազն մեծ չափով առաջքը կ’առնէ ատոր տուն տուող պատճառներուն:

Հասանք երրորդին (ու մեր յօդուածը կը փակենք չորրորդով):

Խորհրդաժողովին մասին կատարուած պաշտօնական ուռճացուած քարոզչութիւնը դուռ բացաւ անխուսափելի հակազդեցութեան, նոյնքան հասարակ տեղիք` «է՛, այս ժողովին արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ որ, մինչեւ հիմա եղածները ի՞նչ արդիւնք տուեր են, որ ասի ալ արդիւնք տայ»:

Ցանկապատին երկու կողմերն ալ կը մոռնային, որ քանի մը հարիւր հոգինոց համագումարները չեն կրնար անկիւնադարձային որոշումներ տալ, որովհետեւ` Ա) Այդ չէ նպատակը: Բ) Մասնակիցները բնականաբար չունին որոշումներ կայացնելու լիազօրութիւններ: Գ) Սխալ է նման ակնկալութիւններ առաջ քաշելը:

Նման խորհրդաժողովներու նպատակը, ինչպէս ըսուեցաւ վերը, դրական մթնոլորտ ու միջավայր ստեղծելն է, ոչ թէ` այդ ուղղութեամբ պարզապէս տպաւորութիւններ ստեղծելը: Յստակօրէն ըսենք` այս դրական մթնոլորտին կրնան նպաստել միայն ու միայն այն ելոյթները, որոնք առանց ամբոխավարական «փոփիւլիզմ»-ի, առանց «պէտք է ասանկ ըլլայ, պէտք է անանկ ըլլայ» աշակերտական մտայնութեան, կրնան լուծումի ուղիներ մատնանշել, առնուազն` վարքագծային մակարդակի վրայ: Այլապէս, ո՞վ չի գիտեր, որ արտագաղթը չարիք է Հայաստանի համար, ո՞վ չի գիտեր, որ «Սփիւռքը կը մաշի» (թէեւ հոն ալ հարց ունիմ. այդ մասին` ուրիշ առիթով), ո՞վ չի գիտեր,  որ ներդրումները անհրաժեշտ են:

Պակսողը սակայն, ինչպէս ըսինք, այդ պաշտօնական բեմէն լուծումներու պատկերացումն ու ատոնց նկատմամբ ցուցաբերուելիք կամքն էր:

Հասանք չորրորդին (կարճ կապենք):

Այս խորհրդաժողովէն առաջ, ատոր ընթացքին ու ատկէ ետք, ընկերային ցանցերու եւ մամուլին մէջ չպակսեցան հեգնական, ծաղրական ու յաճախ ալ ներքին անըմբռնելի մաղձով լեցուն արտայայտութիւններ: Քննադատութիւնը օգտակար է, երբ «քննելով» «դատել» կայ խնդրին մէջ: Բայց մեր խօսքը քննական ֊ քննադատական մօտեցումներուն մասին չէ, այլ, ինչպէս ըսինք, ծաղրանքին: Նման արտայայտութիւններու տէրերը մէկանգամընդմիշտ մոռցած են, որ ծաղրանքը չի նպաստեր լուծումներու փնտռտուքին. հեգնանքը եւ թունոտ արտայայտութիւնները անպայման «քաջութեան» ցուցանիշ չեն, այլ պարզապէս, յօնքը շտկելու փոխարէն, աչքը կը հանեն:

Այնպէս որ, անտեղի «շօ»-երը, աժան քարոզչութիւնը, միասնութեան անուան տակ նոր բաժանարար գիծեր ստեղծելը, ինչպէս նաեւ ծաղրանքն ու «սինիզմ»-ը ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն մեր հարցերու լուծումին:

Միւս կողմէ, տրամաբանուած, կշռադատուած մօտեցումներն են, որոնք կրնան լուսաւորել ճամբան, ուղի ցոյց տալ եւ լուծումներու առաջնորդել: Կարդացէ՛ք այս խորհրդաժողովի նիստերուն ընթացքին դաշնակցական քաղաքական, մշակութային, կրթական կամ մամլոյ գործիչներուն ելոյթները եւ պիտի համոզուիք այս իրականութեան: