Շարլ Ազնաւուրի Մահը Մեծ Կորուստ է Հայ Ազգին Համար․ Մուրատ Փափազեան


«Արմենփրես»,- Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մահը մեծ կորուստ է հայ ազգին համար, ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:

«Շարլ Ազնաւուրի աշխատանքը անգնահատելի է: Ան միշտ եղած է մեր պայքարի կողքին` թէ Արցախի, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերու հետ կապուած։ Ազնաւուր զօրավիգ եղած է մեր պահանջներուն: Հայ ժողովուրդը ունէր Շարլ Ազնաւուր, որ մեծ արժէք էր միջազգային մշակոյթին մէջ: Շատ ազգեր հայերը կը ճանչնային Ազնաւուրով: Մեզի համար, իսկապէս, մեծ կորուստ է, ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ ոչ միայն ընտանիքին, այլեւ հայ ժողովուրդին», ըսած է Փափազեան:

Հոկտեմբեր 1ին աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկան հասակին: