Աշոտ Ղուլեան Կ՛ողջունէ Գանատայի Խորհրդարանէն Ներս «Արցախի Ժողովուրդի Բարեկամներ» Խմբակցութեան Հիմնադրումը


Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանէն ստացած է շնորհակալական նամակ մը, ուր ան իր ջերմ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբին՝ Գանատայի խորհրդարանէն ներս «Արցախի Ժողովուրդի Բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադրութեան կապակցութեամբ:

«Գանատայում բարեկամական խմբի ստեղծումը կարեւոր քայլ է Արցախի մասին իրազեկութեան բարձրացման եւ խորհրդարանական ինստիտուցիոնալ կապերի ընդլայման ուղղութեամբ ։

«Համոզուած եմ, ու Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի  կողմից Արցախին առնչուող հարցերում օժանդակութիւնը շարունակական կը լինի եւ միասնական ջանքերի շնորհիւ մեզ կը յաջողուի առաջ մղել համահակական շահերը», ըսուած է նամակին մէջ։