Ապրիլ 24ին «Ոչ Մէկ Հայ Չի Կրնար Դուրս Գալ Միւսի Դէմ»․ Արմէն Սարգսեան


Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարութիւն տարածած է, կոչ ընելով Ապրիլ 24ին «յարգեու մեր նախնիներու յիշատակը եւ հոգալու մեր ազգի ապագան արժանապատուօրէն ու պատուով»:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ․

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Վաղը համայն հայ ժողովուրդը` առաջադէմ մարդկութեան հետ, աշխարհի բոլոր մայրցամաքներուն մէջ պիտի ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը:

Ապրիլ 24ը սուրբ եւ համընդհանուր է բոլոր հայերու, աշխարհի քաղաքակիրթ մարդկութեան համար:

Այդ օրը ոչ մէկ հայ չի կրնար դուրս գալ միւսի դէմ:

Հարիւր տարիէ աւելի այս օրը եղած է միասնութեան օր, յիշատակի եւ սուգի օր, ընդդէմ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած անարդարութեան եւ այսօր ցեղասպանութիւնը ժխտողներու դէմ բողոքի օր:

Յարգենք մեր նախնիներու յիշատակը եւ հոգանք մեր ազգի ապագան արժանապատուօրէն ու պատուով:

Պահենք եւ պահպանենք աշխարհի աջակցութիւնը եւ համերաշխութիւնը մեր հանդէպ Ապրիլ 24-ին, երբ մեզի հետ միասին կը յարգեն զոհերու յիշատակը եւ կը յիշեն զանոնք, որոնք օգնած են վերապրողներուն:

Այսօր, վերապրողներու ժառանգներուս պարտքն է համախմբել մեր ժողովուրդը ազգային իդէալներու շուրջ, լուծել մեր ներքին խնդիրները միասնաբար` երկխօսութեան եւ փոխըմբռման ոգիով, խթանել ժողովուրդի ստեղծարար ուժերը, կերտել դինամիկ զարգացող ժամանակակից Հայաստան, որ հպարտութեան առարկայ ըլլայ աշխարհի բոլոր հայերուն համար եւ ունակ` պաշտպանելու հայ ժողովուրդի անանձ իրաւունքները»: