Ատոմ Էկոյեան Եւ Արսինէ Խանճեան Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիութիւն Ստացած են


ԵՐԵՒԱՆ, “Փանորամա”․- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 6ի երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ յանձնած է յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեանին եւ Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանին: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Արման Եղոյեանը եւ նկարներ հրապարակած:

«ՀՀ նախագահի հրամանագիրով, Արսինէ Խանճեանին ու Ատոմ Էկոյեանին շնորհուած է ՀՀ քաղաքացիութիւն: Մինչ այդ անոնց ունեցածը եղած է կացութեան  կարգավիճակը հաւաստող փաստաթուղթեր` յատուկ անձնագիրներ», ըսած է Ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Մնացական Պիչախչեան`  պարզաբանելով, թէ ինչ անձնագիրներ տրուած են յայտնի բեմադրիչ Ատոմ էկոյեանին ու անոր կնոջը` դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին, եւ թէ ինչ անձնագիրներ ստացած էին անոնք 2002ին ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն:

«Յատուկ անձնագիրը ՀՀ քաղաքացիութիւնը հաւաստող փաստաթուղթ չէ, այլ կացութեան կարգավիճակը հաւաստող փաստաթուղթ է», մանրամասնած է վարչութեան պետը` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունի կացութեան երեք կարգավիճակ` ժամանակաւոր, մշտական եւ յատուկ, զորս կը տրուին օտարերկրացիներուն, որոնք չեն համարուիր ՀՀ քաղաքացիներ:

Պիչախչեան կը յիշեցնէ, որ առաջ այդ անձնագիրները կապոյտ էին, նման ՀՀ քաղաքացիներու անձնագիրներուն, անոնց մէջ կը նշուէր, թէ որ երկրի քաղաքացի է տուեալ անձը: Յետոյ կառավարութեան որոշումով, հասատուած է յատուկ անձնագրի ձեւը, գոյնը, անիկա հիմա կարմիր է, որպէսզի շփոթութիւն չառաջացնէ:

Յատուկ անձնագիրները Էկոյեանին ու Խանջեանին տրուած էին տասը տարի ժամկէտով, ժամկէտը սպառուելէն ետք անոնք ժամկէտի երկարացման համար չեն դիմած: