Ատոմ Էկոյեան, Արսինէ Խանջեան եւ Էրիկ Նազարեան Այցելած Են Առաջնագիծ


Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուֆենկեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Արցախ գտնուող բեմադրիչներ Ատոմ էկոյեան, Էրիկ Նազարեան եւ դերասանուհի Արսինէ Խանջեան, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Վարդան Բալայեանի ուղեկցութեամբ, Ապրիլ 5ին այցելած են Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր:

Առաջնագիծի վրայ սփիւռքահայ աշխարհահռչակ մշակութային գործիչները հետաքրքրուած են հրադադարի խախտման դէպքերու յաճախականութեամբ, ծանօթացած զինծառայողներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն եւ մարտական հերթապահութիւն կատարելու առանձնայատկութիւններուն:

Էդիկ Բաղդասարեան «Հետք»ին մէջ կը գրէ․ «Երէկ, Թալիշի դիրքերէն վերդառնալով, Ատոմ Էկոյեան շատ յուզուած էր: Զինուորներուն հետ դիրքերու վրայ երկար զրուցած էր: Ըսաւ` ես հասկցայ, որ մեր կեանքը դժուար է, բայց մենք ունինք հզօր ոգի: Մենք մենակ ենք, այս աշխարհի մէջ մենակ ենք, ոչ ոք մեր ճշմարտութիւնը չի հասկնար: Մեր ճշմարտութիւնը միայն մենք կը հասկնանք:Այս հողերը պիտի պահենք»: