Ատրպէյճան Հետախուզութիւն Յայտարարած է Արցախի Հանրաքուէն Դիտարկած Եւրոխորհրդարանականներուն Դէմ


Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը միջազգային հետախուզութիւն յայտարարած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ ֆրանք Էնկելի (Լիւքսեմպուրկ), Էլենի Թէոխարուսի (Կիպրոս) եւ Եարոմիր Շթեթինայի (Չեխիա) նկատմամբ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն դիտարկելու համար:

Եւրոպատգամաւորներուն նկատմամբ յարուցուած է քրէական գործ` լեռնային Ղարաբաղ պարբերական «ապօրինի այցելութիւններու» համար:

Ատրպէյճանի դատարանը պատգամաւորները կալանաւորելու որոշում ընդունած է, անոնք կը հետախուզուին Ինթերփոլով:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան տեղի ունեցածը որակած է «կոպիտ խտրականութիւն»:

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին Պաքուի այդ քայլը «զաւեշտ» համարած է: «Այսօր ես կը հրաժարիմ մեկնաբանելէ: Ատիկա ուղղակի զաւեշտ է եւ որեւէ կերպով չի կրնար ազդել դէպի Արցախ այցելութիւններուն վրայ», ըսած է ան:

Եւրոխորհրդարանականները Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէի վերաբերեալ իրենց համատեղ յայտարարութեան մէջ դրական կը գնահատեն զայն` նշելով, որ Արցախի ժողովուրդը «պէտք չէ անտեսուած մնայ միջազգային հանրութեան կողմէ»: Յայտարարութեան հեղինակները նշած են, որ Արցախը կը գտնուի «թշնամի հարեւանի կողմէ ռազմական յարձակման մշտական սպառնալիքի ներքոյ»: