Ազրպէյճան Անցեալ Ապրիլէն Ի Վեր Ամենամեծ Յարձակումը Կատարեց Արցախի Վրայ


Փետրուարի 25ին` Արցակի սահմանագիծի հարաւարեւելեան (Մարտունի) եւ արեւելեան (Ակնա) ուղղութիւններով ազրպէյճանական ուժեր անցան յարձակման:

Արցախի բանակի յառաջաջապահ ստորաբաժանումները երկու ուղղութիւններով ալ ժամանակին նկատած են ազրպէյճանական յառաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են զանոնք: Բանակի յառաջապահ ուժերու հակահարուած գործողութեան արդիւնքով հակառակորդը տուած է առնուազն 5 զոհ, որոնց մարմինները չեզոք գօտիէն թշնամին վերցուց՝ Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ։

Արցախեան կողմը կորուստներ չունեցաւ:

Փետրուար 26ին Ազրպէյճան հրանօթներով կրակած է նաեւ Թալիշ գիւղի ուղղութեամբ։ Հայկական բանակը թշնամիի նախայարձակ աշխուժութիւն ճնշելու համար դիմած է պատասխան գործողութիւններու։