Արագ Փոփոխուող Աշխարհի Մէջ Հայաստանը Մեծ Հետք Ձգող Փոքր Երկիր է. Հարցազրոյց՝ «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»ի Կազմակերպիչ Թիերի Մալըրէի Հետ


Հայաստանը կը դառնայ համաշխարհային վերլուծական մտքի կեդրոն` պատմութեան մէջ առաջին անգամ հիւրընկալելով «Մտքերու գագաթնաժողով»ը:

Դիլիջանի մէջ մէկ յարկի տակ հաւաքած են աշխարհի առաջատար քաղաքական ու ռազմական գործիչներ, տնտեսագէտներ ու գործարարներ, գիտնականներ ու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, որոնք կը քննարկեն ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրները, կ’առաջարկեն նոր գաղափարներ եւ հիմք կը դնեն գործընկերային նոր կապերու:

«Արմենփրես»-ը գագաթնաժողովին ընդառաջ զրուցած է ժողովի կազմակերպիչին` Monthly Barometer ամսագրի հիմնադիր Թիերի Մալըրէի (Thierry Malleret) հետ, որ պատմած է հաւաքը առաջին անգամ Հայաստանի մէջ կազմակերպելու գաղափարի ծագումին, իրենց ակնկալիքներուն, ինչպէս նաեւ ժամանակակից աշխարհի մէջ Հայաստանի դերակատարութեան մասին:

– Ամէն տարի դուք կը կազմակերպէք «Մտքերու գագաթնաժողով»ը, որ մէկ յարկի տակ կը հաւաքէ տարբեր ոլորտները ներկայացնող դերակատարներ ամբողջ աշխարհէն: Կը պատմէք գագաթնաժողովի մասին:

– «Մտքերու գագաթնաժողով»ը Monthly Barometer ամսագրի ամենամեայ հաւաքն է: Անիկա կարելի է անուանել «գաղափարներու շուկայ»՝ ստեղծուած զգուշօրէն մտածուած յատուկ ծրագրի շուրջ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ կիսուելու խորաթափանց եւ մտածելու առիթ տուող վերլուծութիւններով այն հրատապ համաշխարհային հարցերու վերաբերեալ, որոնց կ՛առերեսուի ողջ աշխարհը: Հիմնական նպատակն է մեր հիւրերու համար ուղղակի հասանելիութիւն ապահովել դէպի տարբեր անհատներն ու գաղափարները`  ապահովելով փոխադարձ վստահութեան, համագործակցութեան եւ բաց խօսակցութիւններու մթնոլորտ: Թէեւ միշտ մասնակիցները ականաւոր մտածողներ ու որոշում կայացնողներ են, սակայն «Մտքերու գագաթնաժողով»ին բնորոշ է ընկերական ու ոչ պաշտօնական մթնոլորտը: Ծրագրին մէջ ներառուած են միջոցառումներ ինչպէս ներսը, այնպէս ալ դուրսը` շեշտադրում ընելով բարօրութեան եւ բնութեան հետ վերամիաւորուելու կարեւորութեան վրայ:

Ամենամեայ «Մտքերու գագաթնաժողով»ը տեղի կ՛ունենայ Շամոնիի` ֆրանսական Ալպերու հիասքանչ լեռնային գօտիին մէջ: Սա կարեւոր է, քանի որ ոգեշնչող, ոչ պաշտօնական լեռնային միջավայրը նպաստաւոր է աւելի ստեղծարար ու պարզ մտածելակերպի, աւելի լաւ որոշումներու ընդունման համար: Այս է այն հիմնական պատճառը, թէ ինչու «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով» տեղի կ՛ունենայ Դիլիջանի մէջ: Ինչպէս Շամոնին, ան նոյնպէս հրաշալի եւ ոգեշնչող վայր է:

– Այս տարի «Մտքերու գագաթնաժողով» տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ` առաջին անգամ Ֆրանսայէն դուրս: Ինչո՞ւ գագաթնաժողովը այստեղ կազմակերպելու որոշման առնուեցաւ:

– Հայաստանի մէջ գագաթնաժողովը կազմակերպելու գաղափարը ի յայտ եկաւ նախորդ տարի՝ Սեպտեմբերին, Շամոնիի մէջ, «Մտքերու գագաթնաժողով»ի ժամանակ իմ ու ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի խօսակցութեան որպէս արդիւնք։ Ես երկար տարիներէ կը ճանչնամ զինք ու կը հիանամ քառակուսիէն դուրս մտածելու ու նոր գաղափարներ առաջարկելու անոր կարողութեամբ: Շամոնիի մէջ նախագահը առաջարկեց «“Quantum politics” հայեցակարգը, որ մեծ տարածում գտաւ (այնքան մեծ, որ Financial Times-ի մէջ անմիջապէս յօդուած տպագրուեցաւ այս նոր հայեցակարգի մասին):  Մենք սկսանք ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկելու զայն, եւ մտածելու, թէ ինչ ընկերային ու տնտեսական առնչութիւններ կրնայ ունենալ անիկա: Այսպէս ալ ծնաւ գագաթնաժողովը Հայաստան բերելու գաղափարը: Բացի այդ, մեր որոշ հիւրեր հետաքրքրութիւն ունէին` աւելին իմանալու Հայաստանի մասին` որպէս ներդրումային ուղղութիւն:

– Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»էն:

– Մենք կ՛ակնկալենք Դիլիջանի մէջ ունենալ խորաթափանց եւ անկեղծ խօսակցութիւն ընդհանրապէս աշխարհի ու մասնաւորապէս Հայաստանի մասին: Նման միջոցառումներէն ետք սովորաբար ժամանակի հարց կը դառայ, թէ երբ պիտի սկսինք տեսնել շօշափելի արդիւնքները: «Մտքերու գագաթնաժողով»ը միշտ նոյն յանձնառութիւնները ունի իր հիւրերու նկատմամբ. անոնք կը հեռանան գագաթնաժողովէն` ունենալով առնուազն նոր գաղափար, նոր ընկեր եւ նոր նախագիծ:

– Մեր երկիրը հարուստ պատմութիւն ունի եւ միշտ կանգնած եղած է հնագոյն քաղաքակրթութիւններու խաչմէրուկին: Այսօր Հայաստանը կրնա՞յ կամուրջի դեր ունենալ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ:

– Այո, կրնայ: Որքան աշխարհը աւելի բաժնուած ու բեւեռացած կը դառնայ, այնքան աւելի մեծ արժէք ձեռք կը բերեն այն «հանգոյցները», որոնք կրնան կապել տարբեր տարածաշրջաններ, մարդիկ, համայնքներ, համակարգեր եւ այդպէս շարունակ: Հայաստանը նման հանգոյց մըն է` շնորհիւ իր հարուստ պատմութեան, մտքին եւ ընկերային ներուժին:

– Արագ փոփոխուող մեր աշխարհի մէջ ի՞նչ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանը:

– Հայաստանը փոքր երկիր է, որ ունի համաշխարհային ներկայութիւն կամ կարելի է ըսել` մեծ հետք ձգող փոքր խաղցող: Սա կարեւոր առաւելութիւն կու տայ: Այո, աշխարհը շատ արագ կը փոփոխուի, ի դէպ, կը փոխուի շատ բարդ ու անկանխատեսելի ձեւով: Այս փոքր երկիրներուն (որոնք, սովորաբար, միտում ունին ըլլալու աւելի հակազդող եւ յարմարողական) առաւելութիւն կու տայ: Հայաստանը յաւելեալ առաւելութիւն ունի, քանի որ անոր բնակչութիւնը ցրուած է ողջ աշխարհով մէկ (թէեւ ատոր սկզբնական պատճառը մեծ ողբերգութիւնն էր): Ատիկա կը նշանակէ, որ ան ողջ աշխարհի մէջ ունի «արբանեակներ», որոնց շնորհիւ որոշակի պայմաններու առկայութեան պարագային դրականօրէն կրնայ օգտուիլ ցանցային ազդեցութիւններէ:

– Հնարաւո՞ր է, որ «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»ը դառնայ ամենամեայ միջոցառում:

– Ուրախ պիտի ըլլայի: Ես ձեր երկիրը կ՛այցելէի 1990-ականներու սկիզբը, երբ տնտեսագէտ էի Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան մէջ եւ երկար տարիներ կը մտածէի ետ գալու մասին: Հրաշալի պիտի ըլլար պարբերաբար «Մտքերու գագաթնաժողով»ը կազմակերպել Հայաստանի մէջ: Ես նաեւ կը ցանկայի նպաստել (ամենահամեստ կերպով) Հայաստանի` որպէս հիանալի զբօսաշրջային եւ առողջարարական ուղղութեան զարգացման: