Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Փետրուար 23-24ին տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցէին Գարեգին Բ․ի հրաւէրով Մայր Աթոռ ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան երեք միաբան եպիսկոպոսներ` Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ արք․ Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գարեգին արք․ Բեքչեան եւ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
Երկօրեայ քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ եղաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան կեանքին մէջ վերջին օրերուն տեղ գտած իրադարձութիւններուն, պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացի շուրջ յառաջացած յուզումներուն ու տարակարծութիւններուն:
Ստեղծուած իրավիճակի եւ ատոր հանգուցալուծման ուղիներուն վերաբերեալ սրբազան հայրերուն կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տրուեցան անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ, ներկայացուած տեսակէտներուն շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ: Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբանները նաեւ առանձնաբար քննարկեցին Պատրիարքութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
Տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ քննարկումներու արդիւնքով ձեռք բերուեցաւ հետեւեալ ընդհանուր համաձայնութիւնը.
- Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի հրաւէրով Եկեղեցական համագումար ժողովը մինչեւ Մարտ 15ը կը կատարէ տեղապահի ընտրութիւնը: Տեղապահի ընտրութեամբ, ըստ Եկեղեցւոյ կանոնակարգի, կը դադրեցուին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին լիազօրութիւնները,
- Տեղապահի ընտրութենէն ետք տասնօրեայ ժամկէտի մէջ կը կազմակերպուին Նախաձեռնարկ մարմնի ընտրութիւնները` Պատրիարքութեան ընկալեալ ընթացակարգերու համաձայն: Նախաձեռնարկ մարմինը, իր հերթին, վեց ամսուան ընթացքին, տեղապահի գլխաւորութեամբ, կը կազմակերպէ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնը` ըստ գործող ընթացակարգերու ․․․