Մայիս 24ին, Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած դռնփակ նիստին պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան հրաժարական տուաւ: Այսպիսով Պոլսոյ պատրիարքութեան ղեկավարութիւնը պիտի փոխանցուի ընտրեալ տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանին։
Արամ արք. Աթէշեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ եւ կոչ ըրաւ համախմբուելու ընտրեալ տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանին շուրջ եւ պատշաճ կերպով կազմակերպելու պատրիարքական ընտրութիւնը։
Այդ առիթով Արամ Արք. Աթէշեանի երկու նամակներ յղած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ արք․ Պեքճեանին։
Նամակներու մէջ Արամ Աթէշեան կ՚անդրադառնայ, թէ պետութեան շրջանակներէ եկած կարգ մը ազդանշաններ մտածել կու տան, որ ժամանակը եկած է պատրիարքի ընտրութեան գործընթացքին ձեռնարկելու։
Փոխանորդ Սրբազանը կը խոստանայ իսկոյն փոխանցել Պատրիարքարանի վարչութիւնը ընտրեալ տեղապահին եւ սատարել անոր իր աշխատանքներուն մէջ։
Ի տես այս իրադարձութեան՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է թէ՛ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ թէ՛ Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնած է ստեղծուած կացութեան համար եւ երկու սրբազաններուն փոխանած իր օրհնութիւնները, որպէսզի անոնք ջանք ու եռանդ չխնայեն պատրիարքական ընտրութեան հարցին լուծումը ի կատար ածելու համար։
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք․ Պեքճեան 10 օրուան մէջ պիտի ժամանէ Պոլիս։ «Վեհափառին եւ ինծի նամակ ուղարկուած է, հրաւիրուած եմ «Համբարձման» ընթրիքին, սակայն Գերմանիոյ մէջ պայմանաւորուածութիւններ ունիմ: 10 օրուան մէջ կու գամ Սթամպուլ եւ կը սկսիմ աշխատանքներուս: Հանդիպումներ ունեցած եմ նախապատրաստութիւններու թեմայով, ատոն ալ 10 օրուան մէջ կ’ամբողջանան: Երբ գամ, այդ ժամանակ կը շարժուիմ համաձայն անոր, թէ ինչ կ՛ուզէ պետութիւնը եւ մենք ինչ պէտք է ընենք», ըսած է Պեքճեան: