Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ձեռամբ՝ Տեղի Ունեցաւ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Վերօծումը


“Գանձասար”,- 30 Մարտ 2019ին՝ Հալէպ տուած հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ Մայր Եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերօծումը:

Վեհափառ Հայրապետը ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄի փողերախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի, ուր Վեհափառ Հայրապետին դիմաւորութեան համար շարք կազմած էին ՀՄԸՄի տարազաւոր արի-արենոյշները եւ Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը:

Արարողութեան ներկայ էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային իշխանութեան անդամներ, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, օտարազգի հիւրեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւն մը:

Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը սրբագործման արարողութեան համար եկեղեցի մուտք գործեց: Քահանայ հայրերը նախ ջուրով եւ գինիով սրբեցին օծման տեղերը՝ դռները (բարաւորը, սիւները եւ դուռը), եկեղեցւոյ կեդրոնական չորս սիւները, կեդրոնական խորանի չորս անկիւնները, աջակողմեան եւ ձախակոմեան խորանները եւ մատրան խորանը: Այնուհետեւ վերոնշեալ վայրերը Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ Ս. միւռոնով օծուեցան:

Օծման աւարտին, «Պահպանիչ» աղօթքէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, որուն հոգատարութեամբ եւ բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ կարելի դարձաւ վերաշինութեան գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ սուրիական տագնապի առաջին օրերէն զօրավիգ կանգնեցաւ Սուրիոյ հայ համայնքին, թեմի Ազգ. Իշխանութեան եւ վերջապէս բոլոր բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդին։

Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ մեր եկեղեցին մեզի համար Աստուծոյ տունն է, մեր ժողովուրդը եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ Աստուծոյ հետ եղաւ, Աստուծոյ հետ խօսեցաւ։ «Մեր պատմութեան միջնադարու խաղաղ օրերուն, մեր եկեղեցին յոյս դարձաւ ու լոյսի առաքելութեան լծուեցաւ ցիր ու ցան դարձած մեր ժողովուրդին կեանքէն ներս ու տակաւին մեր եկեղեցին եղաւ Խրիմեան Հայրիկ եւ երկաթէ շերեփ: Մեր եկեղեցին եղաւ ու մնաց ազգային պահանջատիրութիւն այն բոլոր անարդար գործերուն, ցեղասպանական ոճիրներուն նկատմամբ, որոնք փորձեցին մեր ժողովուրդին կամքին մէջ Աստուծոյ հաւատքը պահել, մեր ժողովուրդին արդարութեան տենչը սպաննել։ ․․․ Մեր եկեղեցին անտարբեր չեղաւ ու պիտի չըլլայ, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, մինչեւ Սուրիա եւ ամէն տեղ, որովհետեւ մեր եկեղեցին վայր չէ, մեր եկեղեցին Աստուծոյ ներկայութիւնն է, Քրիստոսին մարմինն է, այլ խօսքով՝ հաւատքի վկայութիւն, ժողովրդանուէր ծառայութիւն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, ապա յայտնեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, կաթողիկոսներ օծուած են, կաթողիկոսներ թաղուած են եւ սրբալոյս միւռոն օծուած է այս եկեղեցւոյ մէջ: Վերջին միւռոնը Թուրքիայէն պարտադիր կերպով դուրս դրուած երջանկայիշատակ Սահակ Խապայեան կաթողիկոսին կողմէ օծուած է, 29 Մայիս 1923ին եւ նոյն միւռոնով այսօր կը վերօծուի եկեղեցին:

Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդին դիմելով ըսաւ.«Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերօծումը անձնական ու խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի: Մեր եկեղեցւոյ հաւատքի վկայութիւնը կը շարունակուի, պատմութեան ընթացքին ուրիշներ քանդեցին հիւսիսէն թէ հարաւէն, արեւելքէն թէ արեւմուտքէն, սակայն մենք վերաշինեցինք․․․ Ուրիշներ ցեղասպանութիւն գործեցին մեր ժողովուրդին դէմ, սակայն չյաջողեցան: Այսօր մեր ժողովուրդը յարութիւն առած է, Հալէպէն սկսեալ ի սփիւռս աշխարհի: Այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, թէկուզ մեր պատմական հողերուն մէկ փոքր շերտին վրայ, սակայն պիտի ձգտինք Հայաստանը տեսնելու մեր երազին պատկերով: Ուրիշներ փորձեցին աշխարհի քարտէզէն ջնջել Հայաստանը ու հայութիւնը, սակայն այսօր, մենք ներկայ ենք ամէն տեղ, մենք երբեք չենք մոռնար սուրիացի սիրելի պատասխանատուներն ու ժողովուրդը, որոնք ցեղասպանութենէն յետոյ մեր ժողովուրդին զաւակները ընդունեցին․․․Սուրիացի ժողովուրդը, սուրիական իշխանութիւնները սիրեցին, յարգեցին մեզ եւ վստահութիւն ունեցան մեր վրայ: Ահաւասիկ այս եկեղեցւոյ վերաշինութեան, Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատ իր ամբողջական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերաւ: ․․․Ահաւասիկ ցեղասպանին կողմէ քանդուած այս եկեղեցին, վերաշինեցինք եւ սուրիական հողին վրայ պիտի շարունակենք վերաշինութիւնը, վերականգնումը Հալէպէն սկսեալ մինչեւ Տէր Զօր եւ ամէն տեղ պիտի վերաշինենք, պիտի վերականգնենք, պիտի վերածաղկեցնենք»:

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց համայն հայութեան օժանդակելու սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքերուն: 

Սրբագործման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ հայրապետական օրհներգի, ապա «Կիլիկիոյ մաղթերգ»ի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, սրբագործուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական աջահամբոյր: