Արա Կիւլերի Անունով Փողոց՝ Պոլսոյ Մէջ


“Ակօս”․- Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Թոսպաղայ փողոցը վերանուանուած է պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի անունով:

Սթամպուլի քաղաքային խորհուրդը ձայներու մեծամասնութեամբ որոշած է Թոսպաղայ փողոցը անուանել Արա Կիւլերի անունով:

Կիւլեր երկար ժամանակ ապրած է Թոսպաղայ փողոցին մէջ: Նոյն փողոցին մէջ կը գտնուի նաեւ անոր արուեստանոցը:

Նշենք, որ «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» ճանչցուած Կիւլեր, որ կ՛անուանի նաեւ «Սթամբուլի աչք»,  ծնած է 1928ին: 1950ին սկսած է լրագրողական գործունէութիւնը Yeni İstanbul պարբերականին մէջ:

Ատացած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ տիտղոսներ թէ՜ Թուրքիոյ եւ թէ՜ աշխարհի ամենայայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ:

Ան նկարած է համաշխարհային պատմութեան յայտնի դէմքեր՝ Ուինսթըն Չըրչըլ, Առնոլտ Թոյնպի,  Պերթրանտ Ռասըլ, Փիքասօ, Սալւատոր Տալի եւ այլք: