Արդիւնաւէտ Նախաձեռնութիւններ


Պէթթի Փանոսեան


JVS Թորոնթօն, ոչ շահութաբեր այն հաստատութիւնն է, որ 1947 թուականէն ի վեր, ներկայացուցած իր ծառայութիւններով  կարեւոր եւ որոշիչ դեր կը կատարէ Թորոնթօ եւ Եորք տարածաշրջաններէն ներս, հիմնականօրէն աջակցելով  բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին աշխատանքի, եւ կամ սեփական աշխատատեղի հիմնելու, ինչպէս նաեւ՝ ուսանողներու։

Առաջնորդուելով այն գաղափարով, որ «իւրաքանչիւր անհատ ունի հնարաւորութիւն աշխատանք գտնելու», հաստատութիւնը կը կազմակերպէ դասընթացքներ՝ մասնագէտ ուսուցիչներու ղեկավարութեամբ,  ուր մասնակիցները կարելիութիւնը կ՛ունենան ձեռք բերելու նոր հմտութիւններ, ու անոնց միջոցաւ յառաջիկային կ՛ապահովեն նաեւ աշխատանք։

Նոյն հեռանկարով, վերջին շրջանին JVS-ը համագործակցելով Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի գրասենեակին հետ, կազմակերպած է տարբեր բնոյթի դասընթացքներ, նպատակ ունենալով աջակից դառնալ վերջին տարիներուն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տիրապետող անապահով վիճակի պատճառով Թորոնթօ հաստատուած հայ համայնքի պատկանող հայրենակիցներուն, ջանալով ներգրաւել զանոնք տեղւոյն կենսակերպին, մտածողութեան, նաեւ ծանօթացնելով՝ աշխատանքային տեղական պահանջքներուն եւ առիթներուն։

 Նշեալ դասընթացքներուն հիմնական եւ առաջնային նպատակը եղած է  մասնակիցները ապահովել այն հմտութիւններով, որոնց միջոցաւ կարելի ըլլայ ձեռնարկել որեւէ աշխատանք Թորոնթոյի մէջ։

2016 թուականէն սկսեալ, նշեալ կազմակերպութիւնը արդէն ձեռնարկած ու յաջողութեամբ իրենց աւարտին հասցուցած է չորս կարեւոր դասընթացքներ եւ անոնց հետ առնչուող քանի մը workshop (ուսուցողական աշխատանոցներ)։

Դասընթացքները, որ կայացած են Հայ Կեդրոնէն ներս,եղած են զանազան բնոյթի. իւրաքանչիւրին տեւողութիւնը երկարած է 4-6 շաբաթներ։ Իսկ մասնակիցներուն թիւը տարուբերած է 20-30-ի միջեւ։Դասընթացքներուն մասնկցած են տարբեր տարիքի, առաւել կամ նուազ փորձառութեան տէր անհատներ։

Մինչեւ այսօր իրագործուած դասընթացքներն են.-

Food Handling

Entrepreneurship Training

Computer Literacy Course

Customer Serving Training

Անվճար կայացած այս դասընթացքները տրամադրուած են Գանատական Կառավարութեան կողմէ, IRCC –ի միջոցաւ։

Իւրաքանչիւր դասընթացքի աւարտին տեղի ունեցած է մտերմիկ հաւաք՝ կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, ուր իրենց  խօսքը ուղղած են նաեւ՝ կազմակերպութեան եւ Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչները, ապա փոխանցուած են համապատասխան հաստատագրեր։ Դասընթացքներու յաջողութեան մեծապէս նպաստած է JVS-ի ներկայացուցիչ՝ Մարինա Այվազեանը մշտական իր ներկայութեամբ ։

Դասընթացքներուն աւարտին կ՛ուզենք նշել  մասնակիցներէն ստացուած հետեւեալ տպաւորութիւնները։

-Շատ գոհ մնացի յատկապէս Computer Literacy Course  եւ Customer Serving Training դասընթացքներէն։ Առաջինը հիմնական գիտելիքներուս վրայ աւելցուց յաւելեալ եւ նոր հմտութիւններ. իսկ երկրորդը՝ ամբողջովին նորութիւն էր, թէ որպէս գաղափար-մտածողութիւն, եւ թէ որպէս մասնագիտական բառապաշարի օգտագործում, որ թէեւ սկիզբի շրջանին անյաղթայարելի թուեցաւ, սակայն մասնագէտ ուսուցիչի օգնութեամբ, կարճ ժամանակի ընթացքին հասկնալի ու մատչելի դարձաւ։(Գայիանէ)

-Կը գնահատեմ այս նախաձեռնութիւնը, որ մեծապէս օգտակար դարձաւ վերջերս  Թորոնթօ հաստատուած սուրիահայ եւ իրաքահայ համայնքի զաւակներուն։ Այս շատ կարեւոր դասընթացքները մեծապէս նպաստեցին նոր միջավայրին ընտելանալու եւ մօտէն ծանօթանալու տեղւոյն աշխատանքի բնագաւառին ու պահանջքին։Անշուշտ, որ այս դասընթացքներու արդիւնաւէտուիւնը կախեալ է իւրաքանչիւր անձի ունեցած անհատական կարողութիւններէն եւ կարելիութիւններէն։ Անձնապէս կը կարծեմ, որ դասընթացքները զիրար կ՛ամբողջացնեն իրենց տարբեր բաժիններով, որոնց միացումով կարելի է հասնիլ յաջողութեան։(Շիրազ)

Մասնակիցները  շնորհակալութիւն յայտնեցին JVS  կազմակերպութեան ինչպէս նաեւ՝ Հայ Կեդրոնին, որ այս առիթը ստեղծած էին իրենց համար։