Արեւմտահայերէնը Արդէն Առանձին Լեզուական Ծածկագիր Ունի


(Արմռատիօ)- «Ուիքիմիտիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի` արեւմտահայերէնին ISO 639-3 լեզուական ծածկագիր (code) տալու ջանքերը վերջապէս յաջողութեամբ պսակուած են:

SIL Internationalը, որ ISO 639-3ը արձանագրող մարմինն է, Յունուար 30ին, արեւմտահայերէնին առանձին լեզուական ծածկագիր` «hyw» տալու որոշում կայացուցած  է:

Արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը ժամանակակից հայերէնի երկու առանձին ճիւղեր են, որոնք զարգացած են տարբեր ուղղութիւններով եւ կառուցուածքով, գրական գործերով, որոնք միշտ չէ, որ հասկնալի են միւս կողմին համար: Հայաստանի անկախացումէն ետք արեւելահայերէնը, միջին հայերէնը եւ գրաբարը առանձին լեզուական ծածկագիրներ ստացած են, բայց` ոչ արեւմտահայերէնը:

2010ին արեւմտահայերէնը ներառուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕի աշխարհի վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ: Լեզուի անկումը կանխելու նպատակով սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ նախաձեռնուած են, որոնցմէ մէկը արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»ի զարգացումն է: Այս աշխատանքին մէջ ներգրաւուած են բազմաթիւ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ:

«Ուիքիմիտիա Հայաստան»ը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը արեւմտահայերէնին համար առանձին լեզուական ծածկագիր ստանալու գործընթացը նախաձեռնած են երեք տարի առաջ, երբ արեւմտահայերէնով ազատ բովանդակութեան խթանման նպատակով համագործակցութեան սկսան: