Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւա‎գ Քահանայ Միքայէլեան Կը Նշանակուի Ծխատէր Քահանայ Եւ Օգնական Հովիւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ


Տէր Տա­թեւ Աւ. Քհնյ. Մի­քա­յէ­լեան

Բարձր Տնօ­րի­նու­թեամբ` Գերշ. Տ. Բաբ­գէն Սրբ. Արք. Չա­րեա­նի եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ Ե­կե­ղեց­ւոյս Հո­գա­բար­ձու­թեանց եւ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րու, Արժ. Տ. Տա­թեւ Աւ. Քհնյ. Մի­քա­յէ­լեան կը նշա­նա­կո­ւի Ծխա­տէր Քա­հա­նայ եւ Օգ­նա­կան Հո­վիւ Թո­րոն­թո­յի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ:

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ներ­սէս, ան ծնած է Հա­լէպ 1959-ին: Յա­ճա­խած Ազգ. Զա­ւա­րեան վար­ժա­րանը: 1983-ին ըն­դու­նո­ւած ` Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քի Քա­հա­նա­յից դա­սա­րան եւ 1985-ին Սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րո­ւած դպրե­վան­քի տե­սուչ Գերշ. Տ . Տա­թեւ Արք. Սար­գի­սեա­նի ձե­ռամբ: Նոյն թո­ւա­կա­նին քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րո­ւած Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ Գերշ. Տ. Սու­րէն Արք. Գա­թա­րո­յեա­նի ձե­ռամբ, վե­րա­կո­չո­ւե­լով Տա­թեւ Քա­հա­նայ:

1985-1987 հո­գե­ւոր հո­վիւ նշա­նա­կո­ւած է Սու­րիոյ Հիւ­սի­սա­յին շրջա­նի Ռաք­քա­յի եւ Թէլ Ա­պեա­տի, ինչ­պէս նաեւ Ռաք­քա­յի Ազգ. Նու­պա­րեան Վրժ. Ու­սու­ցիչ եւ տնօ­րէն ա­պա 1987-1995 Հո­գե­ւոր հո­վիւ Հա­լէ­պի Ս. Գրի­գոր Լու­սաո­րիչ Ե­կե­ղեց­ւոյ: 1995-էն մինչ 2018 Հո­գե­ւոր Հո­վիւ ե­ղած է Հա­լէ­պի Ս .Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ:

Ստա­ցած շնոր­հա­բաշ­խում­ներ .
1992-ին Լան­ջա­խաչ կրե­լու ի­րա­ւունք:
2003-ին Ծաղ­կեալ Փի­լոն կրե­լու ի­րա­ւունք:
2007-ին Ա­ւա­գու­թեան տիտ­ղոս:

Ստա­ցած է զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ ու­սու­չա­կան, հո­գե­ւոր խոհր­դա­տո­ւիի, մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տօն­ներ, Սուրբ Գրոց Ըն­կե­րակ­ցու­թեան Ներ­կա­յու­ցիչ եւ այլն: Ապ­րիլ 2019-ին, Տա­թեւ Ա­ւագ Քա­հա­նան կը միա­նայ Գա­նա­տա­յի Հա­յոց Թե­մի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն եւ կը վա­ռէ զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ Գա­նա­տա­յի Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նորդ­նա­րա­նէն ներս: Օ­գոս­տոս 2019-ին, Բաբ­գէն Ար­քե­պիս­կո­պո­սի տնօ­րի­նու­թեամբ ան կը նշա­նա­կո­ւի Ծխա­տէր Քա­հա­նայ եւ Օգ­նա­կան Հո­վիւ Թոր­նո­թո­յի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ:

ՀԱ­ՂՈՐ­ԴԱԳ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ