Արիս Պապիկեան Օնթարիոյի Պահպանողական Կուսակցութեան Թեկնածու Ընտրուեցաւ


ԹՈՐՈՆԹՕ.- Թորոնթոյի հայ համայնքի անդամ Արիս Պապիկեան ամիսներ առաջ հաստատած էր իր թեկնածութեան որոշումը՝ մասնակցելու Գանատայի Օնթարիօ նահանգի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Յառաջդիմական-Պահպանողական կուսակցութեան Սքարպորուկ Ակինքորթ ընտրատարածքին մէջ:

Ապրիլ 2ին կայացած Յառաջդիմական-Պահպանողական կուակցութեան Սքարպորուկ Ակինքորթ ընտրատարածքի ներքին ընտրութիւններուն արդիւնքով, Արիս յաղթական հանդիսացաւ: Այս ընթացքով, ան Յունիս 2018ի Օնթարիոյի նահանագային յառաջիկայ ընտրութիւններուն, պաշտօնական ներկայացուցիչը պիտի հանդիսանայ կուսակցութեան ու պիտի մրցի այլ կուսակցութիւններու թեկնածուներուն դէմ:

Արիս աչքառու ու հիմնական ներդրում ունեցած է հայ գաղութայի կեանքին մէջ: Գանատահայ համայնքին իր 32 տարուան անխոնջ ծառայութեան ընթացքին ան 4 տարի գործած է որպէս պատասխանատու վարիչ տնօրէն Գանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին մէջ: Ան հանդիսացած է ամէնէն գործօն անձնաւորութիւններէն մէկը, որ աշխատեցաւ ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Գանատական ծերակաոյտին կողմէ եւ երեսփոխանական պալատին մէջ:

Գանատական կառավարութիւնը զինք նշանակած է Քաղաքացիութեան դատաւոր, որուն միջոցաւ ծառայած է գանատացի ժողովուրդին յաջորդական 6 տարիներ: Իսկ որպէս գնահատանք Գանատայի հայ գաղութին ի նպաստ իր տարած աշխատանքներուն՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը պարգեւատրած է զինք ոսկի մետալով: