Արսէն Յարութիւնեան Դարձաւ Ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեան


«Նիուզ»,- Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուխարեսթի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին 61 քկ․ դասակարգի եզրափակիչ փուլին հայաստանցի ընբիշ Արսէն Յարութիւնեան մրցեցաւ վրացի Պեկա Լոմթաձէի հետ եւ տպաւորիչ 17:11 հաշիւով յաղթեց:

19ամեայ ըմբիշը որակաւորման փուլին 14:8 հաշիւով յաղթած էր ուքրանացի Վոլոտիմիր Պորուքովին, իսկ քառորդ եզրափակիչին 5:2 հաշիւով պարտութեան մատնած էր թուրք Ռեճեփ Թոփալին: