Արցախեան Շարժման 30րդ Տարեդարձն է


Փետրուար 13ը կը նկատուի Արցախեան շարժման սկիզբը: 30 տարի ետք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաքուած էին արցախեան շարժման մէջ ներդրում ունեցած մարդիկ: Անոնք այդ պատմական վայրին մէջ համախմբուած էին պարզապէս իրարու բարեւելու, յիշելու պատմական պահը:

Այդ օրը` 13 Փետրուար 1988ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի աշխատաւորներու եւ ուսանողներու առաջին հանրահաւաքը, եւ շարժումը դարձաւ համաժողովրդական: Ցոյցին ընթացքին մարդիկ կը վանկարկէին` «Մի-ա-ցում», «Մայր Հայաստան»: Մինչ այդ` Փետրուար 11-12ին հաւաքներ տեղի ունեցան Հադրութի, Ասկերանի եւ Մարտունիի մէջ: Այդ օրերուն Պաքուի ճնշումով գումարուած կուսակցական-տնտեսական ժողովները պէտք էր ընդունէին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիաւորելու պահանջը դատապարտող որոշում: Սակայն այդ ժողովներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հակառակը` պաշտպանուեցաւ Հայաստանին միանալու մարզի հայ բնակչութեան պահանջը:

Ասկերանի քաղաքապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, շարժման գործիչներէն Ալեոշա Գաբրիէլեան վստահ է, որ Փետրուար 13ը մեր վերածնունդի օրն է: Անոր կարծիքով, եթէ այդ օրը կարելի չըլլար ժողովուրդը հանել հրապարակ, ապա, ինչպէս` 40-ականներուն եւ 60ականներուն, շարժումը պիտի ճնշուէր, իսկ գործիչները պարզապէս ծայրայեղականներ պիտի կոչուէին եւ համապատասխան պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէին անոնց դէմ:

Մարզային կոմիտէի շէնքին մէջ, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի նստավայրն է, օրին հաւաքուած էին մարզի կուսակցական գործօն, շրջանային կոմիտէներու անդամները, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիաւորելու պահանջը դատապարտող որոշման կայացումը խափանեն: Որոշուեցաւ ժողովուրդը ոտքի հանել:
«Շարժման ամենամեծ ձեռքբերումն այն է, որ ինքնիշխան պետութիւն, անկախութիւն ունենք: Թէ՛ յաջողութիւնները, թէ՛ անյաջողութիւնները մերն են, մենք դրանցից չենք հրաժարւում: Սակայն պայքարը դեռ շարունակւում է. մենք միասնական Հայաստան պէտք է ունենանք, այլապէս չենք լինի», յայտնեց Ալեոշա Գաբրիէլեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք գո՞հ է արցախեան շարժման ձեռք բերուած արդիւնքէն` գործիչ Սլաւիկ Առուշանեան պատասխանած է. «Գոհ եմ այնքանով, որ մենք փրկուել ենք կործանումից, իսկ այն խնդիրները, որ հիմա ունենք, բխում է մեր ներքին կրաւորականութիւնից: Պետութեան խնդիրը պէտք է լինի ժողովրդի բարեկեցութեան բարձրացումը եւ, ի հարկէ, առաւել կարեւոր խնդիրներից մէկը` բնակչութեան աճի խթանումը: Սակայն այս երկու կարեւոր խնդիրներն անուշադրութեան են մատնուած: Այն պետութիւնը, որը բնակչութեան աճ չունի, մնացած խնդիրներն արդէն զարդարանքի են նման: Ի հարկէ, աշխատանքներ կատարւում են, սակայն, միեւնոյն է, նոյնիսկ վերաբնակեցման ծրագրերի իրականացման արդիւնքում` բնակչութեան աճ չունենք: 2000 թուականին խոստացել են, որ 10 տարի յետոյ 300 հազար բնակիչ կ՛ունենանք, սակայն հակառակը տեղի ունեցաւ. ես սա անպատասխանատու վերաբերմունք եմ համարում»:

Արցախեան շարժման կազմակերպիչ, Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերու առաջին հրամանատարը վստահ է, որ ն պատերազմը եւ յաղթանակը Փետրուար 13ի պտուղներն են: «Պայքարը երբեք չի աւարտւում, այն աւարտւում է միայն ժողովրդի մահից յետոյ: Այսօր թէ՛ ներսից, թէ՛ դրսից լուրջ պայքար է պէտք», նշած է Արկադի Կարապետեան:
Փետրուար 1988ի օրհնաբեր այդ օրերէն ասդին 30 տարիներ թաւալած են եւ, Արցախի հետ, ողջ Հայաստանն ու հայութիւնը ազգային վերականգնումի ու ինքնահաստատման ուղին հարթած են: Վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հռչակուած ու կայացած է ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը:

Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նորագոյն փուլին շնորհիւ` իրողապէս նուաճուած է հայկական Արցախի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը: Հաստատուած է Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ապահովուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ցամաքային միացման կապը: Թէեւ ազատագրեալ տարածքներուն մեծ մասը տակաւին սուր կարիքը ունի վերանորոգման, վերաբնակեցման ու զարգացման, այսուհանդերձ, Արցախը հաստատուն քայլերով կը յառաջանայ պետական շինարարութեան` տնտեսական եւ հասարակական ընդհանուր վերականգնման ուղղութեամբ:

Ցեղասպանական «մաքրագործման», տեղահանութեան, աւերման ու աւարման ծանրագոյն հարուածներ եւ վտանգներ դիմագրաւելու, պատերազմի դաշտին վրայ յաղթանակելու եւ մոլեգնած ոսոխին զինադադար պարտադրելու ճակատագրական շրջան մը ապրեցաւ հերոսական Արցախը: Մեծ զրկանքներու եւ գերագոյն զոհաբերութեան գնով արցախահայութիւնը ուղի հարթեց: Որքան պատերազմի ժամանակաշրջանը, նոյնքան զինադադարի եւ խաղաղութեան տարիները դժուար եղան: Արտաքին ու թշնամական ճնշումները հետեւողականօրէն փորձեցին, յանուն արցախեան հարցի բանակցային կարգաւորման, արցախահայութեան պարտադրել, որ արեան գնով ազատագրուած Արցախը վերստին ենթարկուի Ատրպէյճանի տիրակալութեան:

30 տարի առաջ Ստեփանակերտէն թափ առած միացման շարժումին հետ կազմաւորուեցաւ նաեւ սերունդ, որ չունի իր նախորդներուն` ազրպէյճանական լուծի տակ ապրուած դառն ու դաժան ժամանակներու յիշողութիւնը: Բայց ազատ ու անկախ Արցախի ծնունդ այդ սերունդը անկասկած ունի խոր գիտակցութիւնը իր ժառանգած մեծագոյն հարստութեան, որ սեփական ազգին ու հայրենիքին անբաժան մասը կազմելու, ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքին ամրագրումն է: Մանաւանդ որ այդ ժառանգութեան նուաճումին համար ծանրագոյն գին վճարուած է սեփական ընտանիքէն հարազատի կորուստով, որբացումով եւ հաշմանդամութեամբ:

Պատմական այդ որոշումին հետեւեցան օրհասական պայքարի արիւնալի տարիներ, որոնք յատկանշուեցան մէկ կողմէ ազերի փանթուրքիստներու գործադրած հայասպանական ոճիրներով եւ Արցախի հայաթափման գործողութիւններով, իսկ միւս կողմէ` համաթրքական այդ մոլեգնութեան ֆետայաբար դիմադրող, պարտութեան մատնող եւ հայ ազգային-ազատագրական կռուի նորագոյն խոյանքի հերոսապատումով:

Արցախեան շարժման շղթայազերծումը իր յաղթական պսակումին արժանացաւ 10 Դեկտեմբեր 1991ի հանրաքուէով, երբ Արցախցի Երիտասարդներու նոյն յայտարարութեան շեշտադրումով` «Արցախի ժողովուրդը ամրագրեց ինքնորոշման իր ճանաչուած իրաւունքը` հաստատելով Արցախի Հանրապետութիւնը` որպէս ազատ, անկախ, ժողովրդավարական պետութիւն»: