Արցախը Կը Պատկերացնեմ Որպէս Հայաստանի Մաս. Նիկոլ Փաշինեան


Մոսկուայի մէջ հայ գործարարներու հետ հանդիպման ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաբի հակամարտութեան կարգաւորման: 

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ իրեն յաճախ կը հարցնեն` Հայաստանը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով պատրա՞ստ է փոխզիջումներու: 

«Ես, այդ հարցին պատասխանելու ատեն միշտ հարկ կը համարեմ ընդգծել, որ առաջինը պէտք է Ատրպէյճանին հարցնել` արդեօք ան պատրա՞ստ է փոխզիջումներու, որովհետեւ այն իրավիճակին մէջ, երբ Ատրպէյճանը անընդհատ սպառնալիքներ կը հնչեցնէ Հայաստանի եւ Արցախի հասցէին, որեւէ ձեւով ըսել, որ Հայաստանը պատրաստ է փոխզիջումներու,  կը նշանակէ թուլութիւն ի ցոյց տալ: Մենք երբեք ատիկա չենք ըներ: Եւ կ՛ըսենք, որ Հայաստանի հետ ոեւէ մէկը չի կրնար խօսիլ սպառնալիքներու լեզուով: Մենք ատիկա ուղղակի թոյլ չենք տար», ըսած է ան: 

Վարչապետը նաեւ նշեց, որ ապագային Արցախը կը պատկերացնէ որպէս Հայաստանի մաս: «Ինչ կը վերաբերի ապագայ մեր պատկերացումներուն, ես նախապէս ալ ըսած եմ, որ կը պատկերացնեմ Արցախը որպէս Հայաստանի մաս: Իսկ այդ ճանապարհը կրնայ բաղկացած չըլլալ մէկ քայլէ, անիկա կրնայ բաղկացած ըլլալ երկու կամ երեք քայլէ, բայց ապագայի մեր տեսլականը յստակ ատիկա է: Եւ այստեղ որեւէ կասկած չի կրնար ըլլալ», եզրափակած է ան: