Արցախի Բազմաաւակ Ընտանիքներուն Դրամական Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրուի


«Արցախփրես»․- Արցախի չորս զաւակ ունեցող 230 ընտանիք 4000ական ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամական աջակցութիւն պիտի ստանան «Տաշիր կրուփ»ի սեփականատէր, Ռուսիա բնակող բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Անուշ Մարտիրոսեանի խօսքով՝ 230 ընտանիքէն 8ը 4րդ զաւակը ունեցած է 2016ին, իսկ մնացեալ 222ը` 2017ին:

«Արդէն երկրորդ տարին է, որ հիմնադրամը միացած է նաեւ Արցախի մէջ ծնելիութեան խթանման ծրագիրին, եւ այս տարիներուն ընթացքին չորս զաւակ ունեցող ընտանիքներու թիւը զգալիօրէն աւելցած է», նշած է Մարտիրոսեան:

Նշենք, որ նուիրատւութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 3ին` ժամը 14:00ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ: Ձեռնարկի ժամանակ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ պիտի խաղարկուի նաեւ երեք «Շեւրոլեթ» մակնիշի ինքնաշարժ: