Արցախի Բնակչութեան Թիւը Կ՛աճի


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- 2017ի Յունուար 1ի դրութեամբ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան թիւը կազմած է 146.1 հազար մարդ, ինչ որ 2016ի տարեսկիզբի համեմատ աւելցած է 0.7 տոկոսով:

Ինչպէս կը հաղորդէ Արցախի  ազգային վիճակագրական  ծառայութիւնը, 2017ի տարեսկիզբը քաղաքային բնակչութեան մասնաբաժինը կազմած է 56.6 տոկոս, գիւղականը` 43.4 տոկոս:

Ըստ վիճակագրութեան` 2017ի տարեսկիզբը Արցախի Հանրապետութեան մշտական բնակչութեան կազմին մէջ 48.8 տոկոսը կազմած են տղամարդիկ, 51.2 տոկոսը` կանայք: Բնակչութեան միջին տարիքը կազմած է 32.9 տարի, մասնաւորապէս, տղամարդոց համար 31.3 տարի, կանանց համար` 34.3 տարի: 2017ի Յունուար 1ի դրութեամբ Արցախի մշտական բնակչութեան կառուցուածքին մէջ 0-15 տարեկան երեխաներու տեսակարար կշիռը կազմած է 28.1 տոկոս, աշխատունակ տարիքինը` 60.7 տոկոս, իսկ աշխատունակ տարիքէն բարձր բնակչութեան տեսակարար կշիռը` 11.2 տոկոս:

Աղբիւրին փոխանցմամբ` 2017ի տարեսկիզբի դրութեամբ աշխատանքային տարիքի ամէն 1000 մարդուն բաժին ինկած է 647 մարդ, 2016ի նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած 628 մարդու համեմատ: Ժողովրդագրական իրավիճակի առկայ հիմնախնդիրներէն է բնակչութեան ժողովրդագրական ծերացումը, որու ընթացքը Հանրապետութեան մէջ յետխորհրդային տարիներուն մեծապէս արագացած է: Բնակչութեան ծերացումը կամ ժողովրդագրական ծերացումը երկարատեւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններու, բնակչութեան վերարտադրութեան, ծնելիութեան, մահացութեան եւ ատոնց յարաբերակցութիւններու մէջ տեղ գտած տեղաշարժերու, ինչպէս նաեւ, մասամբ, գաղթի հետեւանք է:

Ըստ ՄԱԿի ժողովրդագրական ծերացման սանդղակի, եթէ երկրի բնակչութեան կառուցուածքին մէջ 65 եւ բարձր տարիքի բնակչութիւնը կը կազմէ 7 տոկոսէն աւելի, ապա տուեալ բնակչութիւնը կը համարուի ծերացած: Այդ ցուցանիշը 2017ի տարեսկիզբը Արցախի մէջ կազմած է 9.5 տոկոս:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն` 2017ի տարեսկիզբի դրութեամբ բնակչութեան 38.2 տոկոսը կեդրոնացած մայրաքաղաքին մէջ, իսկ Մարտունիի շրջանին մէջ կը բնակի բնակչութեան 14.7 տոկոսը, Մարտակերտի շրջանին մէջ` 13.5 տոկոսը, Ասկերանի շրջանին մէջ 11.7 տոկոսը, Հադրութի եւ Քաշաթաղի շրջաններին մէջ, համապատասխանաբար, 8.3 եւ 7.9 տոկոսը, Շուշիի շրջանին մէջ` 3.6 տոկոսը, Շահումեանի շրջանին մէջ` 2.1 տոկոսը: